Ճատրակ. Արոնեան Իր Առաջին Յաղթանակը Տօնեց Պիլպաոյի Մրցաշարքին


Արոնեան (ձախին) - Փոնոմարիով մրցումէն

Արոնեան (ձախին) – Փոնոմարիով մրցումէն

Սպանիոյ Պիլպաօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «մեծ սաղաւարտ»-ի աւարտական հանգրուանի 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան ճերմակ քարերով յաղթեց իր ուքրանացի մրցակից Ռուսլան Փոնոմարիովին` տօնելով իր առաջին յաղթանակը:

3-րդ հանգրուանէն ետք, այժմ Վիշվանաթան Անանտ կը գրաւէ առաջին դիրքը` 7 կէտով, Արոնեան ունի 5 կէտ, Փոնոմարիով` 3, իսկ Ֆրանչիսքօ Վալեխօ` 1 կէտ:

Նշենք, որ 3-րդ հանգրուանին Արոնեան հաւասարութիւն մը արձանագրեց Անանտի հետ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.