Վերարժեւորենք անկախութեան կերտիչ Արամ Մանուկեանի աւանդը

 

Համաշխարհային քաղաքակրթութեան պատմութեան տոմարներուն մէջ, ոչ մէկ ազգի վիճակուած էր իր ազատութեան եւ ինքնանկախացման ճանապարհին՝ այն ինչ որ իր դաժանութեամբ բաժին ինկաւ հայ ազգին: 1918-ին, համազգային բնաջնջման եզրին գտնուող հայութեան խլեակներու վերայառնման վերջին ճիգն ու մահագուպարը Սարդարապատի եւ Մայիսեան ռազմաճակատներուն վրայ՝ վերածուեցաւ ժողովրդային ինքնայորդ գոյապայքարի, ինքնասանձազերծուած խոյանքի, որուն խթանող ազդակն ու մղիչ ուժը հանդիսացաւ Արամ Մանուկեան:

Հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ Արամ Մանուկեանի կատարածը գերագոյն սխրանք մըն էր, ժողովուրդի մը համայնակուլ անէացման ընթացքը կասեցնելու ու հայութեան պատուհասող դառնաղէտ վախճանը այլակերպելու:

97 տարի առաջ, Մայիսեան օրհասական օրերուն, Արամ Մանուկեանի առաջնորդութեամբ, հայ ժողովուրդը Արարատեան դաշտին վրայ, հայեացքը Մասեաց գագաթին, թօթափեց ճակատագրապաշտութեան ստուերները եւ անվկանդ աշտանակեց դէպի յաղթանա՛կ, դէպի փրկութի՛ւն:

1918-ի հայրենակերտման դիւցազնամարտը պատմակշիռ անկիւնադարձ է, որուն յաջողութեան դրօշակիրը դառնալու բախտը վիճակուած էր Արամ Մանուկեանին՝ հայ ժողովուրդի լինելութեան գոյամարտի առաջամարտիկին:

Երախտամոռութեան համազօր է Արամ Մանուկեանի նման վեհարժէք հայրենակերտիչի աւանդը թողուլ մոռացութեան քմայքին: Երեք տարի անց ազգովին պիտի նշենք հայ ժողովուրդի լինելութեան բննօրանի մէկ բաղադրիչը կազմող մերօրեայ հանրապետութեան 100-ամեակը:

Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, աւելի քան երկու տասնամեակ թափուր մնացող Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակը, ողջ հայութեան աշխարհագրական կիզակեդրոնը՝ պէ՛տք է ունենայ իր պետականութեան կերտիչին յիշատակը անմահացնող յուշարձանը, այնպէս ինչպէս Միացեալ Նահանգները ունին Ճորճ Ուաշինկթընը, Վենեզուելլան՝ Սիմոն Պոլիվարը, Թունուզը՝ Հապիպ Պուրկիպան, Հնդկաստանը՝ Մահաթմա Կանտին…

Երեք տարի ետք, համասփիւռ հայութեամբ եկէ՛ք տօնե՛նք վասն հայրենիքի եւ ազգի գոյատեւելիութեան մղուած արիւնակերտ մեր յաղթանակի 100-ամեակը եւ յաւերժացնենք Արամ Մանուկեանի աւանդը, կոթողելով անոր յուշարձանը Երեւանի բաբախող սրտին մէջ՝ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, որպէսզի գալիք սերունդներու հոգւոյն մէջ բաբախուն մնայ Միացեալ բնօրրանի տեսլականը, որպէսզի այդ յուշարձանը ուղեցոյցն ու ներշնչարանը դառանայ մեր լուսապայծառ ապագային:

 «Հորիզոն»ի Խմբագրական

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.