9 Սեպտեմբեր 1944. Գարեգին Նժդեհ կը Ձերբակալուի Պուլկարիոյ Տիրացած Խորհրդայիններուն Կողմէ


Սեպտեմբեր 9-ի այս օրը, 70 տարի առաջ, Նացիական Գերմանիոյ գրաւումէն Պուլկարիան ազատագրած խորհրդայինները, Բ. Աշխարհամարտի աւարտը յատկորոշող ռազմաքաղաքական հաշուեյարդարներու մթնոլորտին մէջ, ձերբակալեցին եւ Խ. Միութիւն տարին Պուլկարիա ապրող եւ Պալքաններու հայութեան արթուն պահապանը հանդիսացող հայ ժողովուրդի պանծալի հերոս Գարեգին Նժդեհը։

Խորհրդային զօրքը պարտութեան մատնած էր Նացիական Գերմանիան եւ, Պուլկարիոյ պարագային, իշխանութեան գլուխ բերած էր իր զինակիցները՝ պուլկար համայնավար ուժերու կազմած «Ժողովրդային Ճակատ»ը։

Խորհրդայինները եւ անոնց ձեռնասունները անմիջապէս լծուած էին քաղաքական հաշուեյարդարի՝ բանտերը նետելով եւ զինուորական արագ դատավարութեամբ աճապարանքով մահապատիժի ենթարկելով իրենց գաղափարական ընդդիմախօսներն ու հակառակորդները։

Ընդհանուր այդ հոսանքին զոհերէն եղաւ Գարեգին Նժդեհ, որուն ձերբակալութեամբ սկսաւ 11ամեայ ողբերգութիւնը հայ ժողովուրդի ազգային անզուգական հերոսին՝ Դաշնակցութեան «Քաջն Նըժդեհ»ին, ինչպէս կը նշէ յեղափոխական ծանօթ երգը։

Ռազմաճակատի վրայ միշտ անպարտելի մնացած ու 1913-ի Պալքանեան պատերազմէն, 1918-ի Հայաստանի անկախութեան կերտումի հերոսամարտերէն եւ 1921-ի Լեռնահայաստանի ազատագրութեան կռուէն յաղթական դուրս եկած Զօրավար Նժդեհին խորհրդայինները բաժին հանեցին տաժանակիր բանտարկութեան, աքսորի եւ ոխերիմ հաւատաքննութեան ողբերգական վախճան մը։

Նախքան 1944 թուի Սեպտեմբերին խորհրդային զօրքերուն Պուլկարիա յաղթական մուտքը, նախազգալով իրեն սպասող վախճանը, Նժդեհ գրած էր.-

«Գիտեմ, թէ ի՛նչ է սպասւում ինձ, բայց եւ այնպէս որոշել եմ մնալ, հակառակ որ կարելիութիւն ունեմ օդանաւով ինձ նետելու Վիեննա։ Չեմ հեռանում, որպէսզի հալածանքի չենթարկուեն մեր կազմակերպութիւնները։ Մնալու աւելի լուրջ պատճառներ ունեմ… Այսօր կեանքին ես կապուած եմ այն չափով միայն, ինչ չափով որ ինձ դեռ պարտական եմ զգում ծառայելու Հայաստանին»։

Նժդեհ ձերբակալուեցաւ խորհրդային «Սմերշ» բանակային հակահետախուզութեան գլխաւոր վարչութեան գործակալներուն կողմէ։ Զինք տեղափոխեցին նախ Պուքրէշ (Ռումանիա), ապա հոնկէ՝ ինքնաթիռով Մոսկուա, ուր նետուեցաւ Լիւբեանկայի բանտը։
Նժդեհի ձերբակալութենէն յետոյ ընտանիքը (կինը եւ զաւակը) Սոֆիայէն աքսորուեցան Պուլկարիոյ Փաւլիկենի քաղաքը։

1946-ի Նոյեմբերին, Նժդեհին Մոսկուայէն ուղարկեցին Երեւան՝ դատաքննութեան, որ աւարտեցաւ 1948-ին. Նժդեհ դատապարտուեցաւ 25 տարուան բանտարկութեան՝ ժամկէտը հաշուելով 1944-էն (դատավճիռը կայացաւ 1948-ի Ապրիլ 24-ին)։
Կենսագիրներու եւ յատկապէս Նժդեհի գործակից եւ բանտակից՝ դաշնակցական ծանօթ գործիչ Յովհաննէս Տէվէճեանի վկայութեամբ, 1947-ին, հարցաքննութեան շրջանին, Նժդեհ առաջարկած է խորհրդային կառավարութեան յանդուգն ծրագիր մը՝ սփիւռքի մէջ ստեղծել համագաղութային ռազմաքաղաքական կազմակերպութիւն՝ «Հայկական Իռեդենտա» անունով, որուն նպատակը պիտի ըլլար Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրումը եւ միացումը Խորհրդային Հայաստանին։ Առաջարկութեան մեջ Նժդեհի առաջարկութիւնը լրջօրէն հետաքրքրած է խորհրդային ղեկավարներուն, որոնք քանի մը տարի քննած են զայն իշխանութեան տարբեր ատեաններուն մէջ, սակայն ի վերջոյ որոշած են մերժել։

1948-1952, Նժդեհ պահուեցաւ քաղաքական ծանրագոյն «յանցագործներու» վերապահուած Վլադիմիրի բանտին մէջ։ Այնուհետեւ, մինչեւ 1953ի ամառը՝ Երեւանի բանտը։ Նժդեհի երկրորդ անգամ Երեւան բերուիլը, Յ. Տէվէճեանի վկայութեամբ, կապ ունէր խորհրդային ղեկավարութեան ուղղուած Նժդեհի գրաւոր դիմումին հետ, ուր ան կ’առաջարկէր «իր միջնորդութիւնը՝ Դաշնակցութեան եւ խորհրդային իշխանութեան միջեւ հասկացողութիւն մը եւ գործակցութիւն մը ստեղծելու համար»։

Այս հարցով երկար խօսակցութիւններ տեղի ունեցած են Հայաստանի Անվտանգութեան նախարա- րին եւ Նժդեհի միջեւ։ Այդ հիման վրայ, 1953-ին, Նըժդեհն ու Տէվէճեանը Երեւանի բանտէն միասին նամակ գրած են Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ Համազգայինի Հայ Ճեմարանի տնօրէն Ս. Վրացեանին՝ յորդորելով մերձենալ ռուսներուն՝ հակաթրքական պայքարի հողի վրայ։ Սակայն, Մոսկուայի իշխանաւորները «նպատակայարմար» չգտան նամակը ուղարկել եւ անի- կա պահուեցաւ Նժդեհի բանտային գրութեանց արխիւին մէջ իբրեւ լոկ փաստաթուղթ։

Այնուհետեւ, Նժդեհին դարձեալ տեղափոխեցին Վլադիմիր, ուր եւ վախճանեցաւ 1955-ի Դեկտեմբերի 21-ին։

Ստանալով բանտային վարչութեան հեռագիրը Նժդեհի մահուան մասին, եղբայրը՝ Լեւոն Տէր-Յարութիւնեան Երեւանէն անմիջապէս մեկնած է Վլադիմիր։ Անոր յանձնուած են եղբօր զգեստն ու ժամացոյցը, իսկ ձեռագրերը՝ ոչ։ Չարտօնեցին նաեւ Հերոսին մարմինը տեղափոխել Հայաստան։ Լեւոն կատարած է եղբօր թաղումը, գերեզմանը ցանկապատել տուած է ու պատուիրած է տախտակին վրայ ռուսերէնով գրել. «Տէր-Յարութիւնեան Գարեգին Եղիշի (1886-1955)»։

Նման ողբերգական վախճան ունեցաւ հայ ժողովուրդին ողնաշարը ամրապնդած եւ յանուն հայրենիքի ազատութեան ու անկախութեան կենաց-մահու մարտեր յաղթանակած անկրկնելի Նժդեհը։

Այսօր կը լրանայ 70-ամեակը Նժեհի ձերբակալութեան, որ սկիզբը եղաւ անոր երկարատեւ աքսորին, բանտարկութեան եւ ի վերջոյ նահատակութեան։ Օրուան խորհուրդին հաղորդուելու կը ծառայեն Նժդեհի մտածումներէն քաղուած պատգամաշունչ հետեւեալ խորհրդածութիւնները.

– Ոմանք արեւը միայն խաւարման ժամանակ են նկատում:

– Չի կարելի օգնել այն ընկածին, եթէ նրան պակասում է ինքնօգնութեամբ ոտքի կանգնելու կամքը:

– Երկու բան պէտք է լցնի մարդու հոգին հիացմունքով ու յարգանքով՝ աստղալից երկինքը գլխի վերեւում եւ բարոյական օրէնքը սրտի մէջ:

– Շղթաների մէջ ծնւում, ապրում եւ մեռնո՞ւմ ես, դու ես մեղաւոր, որովհետեւ թոյլ ես…

– Քրիստոնէական սիրոյ խորհուրդը ամբողջ դարեր պատճառ է դարձել մեր ժողովրդի անօրինական ողբերգութեան:

– Իրաւունքը ուժի հասկացողութիւն է, այլ ոչ տրամաբանական:

– Մի ժողովուրդ, որի որդիները հաւասար չեն օրէնքի եւ մահուան առջեւ՝ յաղթական հայրենիք չի ունենայ:

– Ապագան վտանգուած ժողովուրդների վերջին խաղաթուղթը – վերադաստիարակութիւնն է:

– Իւրաքաչիւր ազգի պարտականութիւնը մարդկութեան հանդէպ նախ եւ առաջ դրսեւորւում է սեփական ազգի կենսունակութեան պահպանման եւ սեփական մշակոյթի զարգացման ձեւով:

– Քննադատել՝ հոգեպէս տառապել է նշանակում:

– Իմ ազգային դաւանանքը թոյլ չի տալիս թշնամանք տածել դէպի ոեւէ հայ մարդ:

– Մահ չկայ. մեռնում է փոքրոգին, մեռածն է մեռնում:

– Քաջերի յարութիւնն է մահը:

– Ապստամբ ժողովրդին միայն Աստուած կարող է յաղթել:

– Սիրում է նա, ով ուժեղ է, ով հոգու առատութիւն ունի, ում ուժի բաժակը լցուած է յորդելու, թափուելու աստիճան:

– Միայն նա է ճշմարտօրէն մեծը, որը մեծ զաւակն է նախ իր ժողովրդի եւ ապա մարդկութեան:

– Այն օրից, ընթերցող, երբ հայը վախենալ սկսեց մահից, այն օրից օտարը թագաւորեց Հայաստանում:

– Վաղը պիտի անասնանան ու կործանուեն այն ժողովուրդները, որոնց որդիներն այսօր ուսումնասիրում են իրենց պատմութիւնը՝ Մարքսից եւ Լենինից եւ ոչ իրենց նախահայրերից սկսած»։

– Մի օր հայութիւնը պիտի ների թրքութեան, բայց ոչ ծունկի եկած նրա առջեւ, պարտուելուց յետոյ. այլ նրան ծնկի բերած՝ ծեծելուց յետոյ:

Նազարէթ Պէրպէրեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.