Ահազա՛նգ

Կը հնչէ ահազանգը, այդ խուլ, սարսափազդու եւ մահասփիւռ ԱՀԱԶԱՆԳԸ:

Ամէն մէկ հայորդիի համար կը հնչէ ԱՀԱԶԱՆԳԸ:

Եւ այդ ահարկու ահազանգով կ՛անհանգստանայ եւ թող անհանգստանա՛յ հայորդիին լսողութիւնը: Ի վերջոյ, ո՛չ թէ միայն կը լսենք, այլ նաեւ կը հետեւինք, ականատես կ՛ըլլանք եւ մեր մորթին վրայ կը զգանք, թէ ի՛նչ կը պատահի Արցախի եւ Սիւնիքի մէջ:

Ամէ՛ն օր կը խոշտանգուի, կ՛անարգուի, կը ռմբակոծուի, կը «բռնաբարուի» եւ կը սպաննուի հայորդին:

Անտարբերութի՞ւն, զիջո՞ւմ, թէ՞ «արդի» գործելաձեւ:

Այո՛, առանց բառերը ծամծմելու կամ աւելի մեղմ ձեւով ներկայացնելու, մեր մատը վէրքին վրայ դնենք եւ բացայայտենք, թէ պետականութեան եւ պետութեան կործանման, հայրենիքի մաս առ մաս ոչնչացման սեմին ենք:

Սկսելով Արցախէն, մինչեւ Հայաստանի, հետեւաբար նաեւ հայութեան գոյութիւնը վտանգի տակ է: Կոյր ու խուլ պէտք է ըլլալ՝ դաժան իրականութիւնները չնկատելու, չդիտելու, չդատելու, ԱՀԱԶԱՆԳԸ չլսելու եւ չեզրակացնելու համար:

Ստեփանակերտէն, Գորիսէն մինչեւ Նոր Աշխարհ եւ Ովկիանիա՝ հայորդին կը զգայ, թէ կացութիւնը որքա՜ն ահաւոր եւ զարհուրելի է: Մինչդեռ, դժբախտաբար եւ ցաւ ի սիրտ, այս ողբերգական կացութեան դիմաց՝ Երեւանի Հիւսիսային պողոտային վրայ գտնուող ճաշարան-սրճարաններուն մէջ զբօսնող ընտրանի մը, նաեւ 95 Բաղրամեան՝ Ազգային Ժողով այցելող ՔՊ-ական հլու կամակատարներ ու անոնց կողմէ գործուղղուած դիւանագիտական բանալի պաշտօններ ստանձնողներ, այլ հլու կամակատարներ, կարծէք թէ ծանօթ չեն, որ ի՞նչ կը պատահի հո՛ն, Արցախի եւ Սիւնիքի մէջ: Մոռնանք թէ հեռատես չեն, հապա ինչպէ՞ս բացատրել իրենց խլութիւնը՝ իրենց ականջներուն տակ հնչող ԱՀԱԶԱՆԳԻՆ դիմաց:

Աշխարհը Ուքրայինայի թնճուկով զբաղուած ըլլալով, Ատրպէյճանն ու իր դաշնակից Թուրքիան որըստօրէ կր բազմացնեն իրենց ներխուժումները եւ կը բազմապատկեն ճնշումները:
Արցախը սոսկական պատանդ չէ, այլ նաեւ կը չարչարուի, կը տառապի եւ կը տանջուի: Գիւղեր կը խլուին անկէ, 44-օրեայ պատերազմի զոհերուն թիւը կ’աճի, մարդիկ կը զրկուին աշխատանքի հնարաւորութենէ…

Տարբեր «որակի» ԱՀԱԶԱՆԳ կը հնչեցնէ Երեւանի ղեկավարութեան երկմտանքն ու տուայտանքը, բացայայտ անտարբերութի՛ւնը, լաւագոյն պարագային՝ ուշացած ու ձեւական մտահոգթիւնիւնները: Որքա՜ն անմարդկային, քստմնելի եւ գռեհիկ են հնչող փիլիսոփայութիւնները. «Արցախցին կրնայ առանց կազի ապրիլ», «Կը կրակեն, յետոյ ի՞նչ», կամ, վերջապէս՝ «ազերիները կը փորձեն խափանել խաղաղութեան մեր երթը, սակայն մենք պիտի շարունակենք առանց նախապայմանի»… : Լուծո՞ւմ, հնա՞րք, թէ՞ պարզապէս նուազագոյն պատասխանատուութենէ խուսափելու գործելաձեւ:

Օրական աւելի՛ քան 24 ժամ գործ ունինք կատարելիք, մինչդեռ թմբիրի կամ … թուրք-ազերիին հետ բարի դրացնութեան, սիրաբանութեան եւ գործակցութեան ձեւերու պրպտուքին մէջ են ՀՀ իշխանաւորները:

Այս պատկերին ի տես, Սփիւռքի բոլոր գաղթօճախները եւս պէտք է անյապաղ ձայնակցին ԱՀԱԶԱՆԳԻՆ, թակելով իրենց քաղաքական շրջանակներուն եւ հանրային կարծիքին, նաեւ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահող պետութիւններուն եւ հուսկ՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին դռները:

Ակներեւ է, թէ Սփիւռքը եւս ծանր պարտականութիւն ունի կատարելիք: Պարտականութիւն մը, որ դժուար է, սակայն հրամայականօրէն իրագործելի:
Միա՛սնաբար, ձեռքերու, բոլո՛ր ձեռքերու միացումով պիտի խլացնենք ու դադրեցնենք մահասփիւռ ԱՀԱԶԱՆԳԸ:

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.