Ճատրակ. Հրանդ Մելքումեանի 6-րդ Յաղթանակը
1207
0
Հայրենի կրանտմասթըր Հրանդ Մելքումեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ռիկայի մէջ (Լաթվիա), տեղի ունեցող ճատրակի բաց մրցաշարքին այժմ առանձինը կը գտնուի պարագլուխի դիրքին վրայ, որովհետեւ ցարդ տեղի ունեցած 6 մրցումներէն արձանագրած է 6 յաղթանակ:
ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Մելքումեանի 6-րդ «զոհ»-ը եղաւ վենեզուելացի Էտուարտօ Իթուրզաքա, որ այս մրցաշարքին դասուած է 4-րդ: Մելքումեան, որ կը խաղար ճերմակ քարերով, 23-րդ շարժումին յաջողեցաւ լաւ քայլի մը դիմեց, որովհետեւ ան ծուղակի մէջ ձգեց Իթուրզաքայի թագուհին:
7-րդ հանգրուանին Մելքումեան սեւ քարերով պիտի մրցի Ռիչըրտ Ռափորթի (Հունգարիա) դէմ, որ ունի 5,5 կէտ եւ հայրենի կրանտմասթըրին ամէնէն մօտիկն է: