Հայաստանի Մէջ Կեանքի Միջին Տարիքը Բարձրացած Է
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ըստ 2013 թուականի տուեալներուն՝ կեանքի միջին տեւողութիւնը Հայաստանի մէջ բարձրացած է եւ հասած է 74.8 տարուան, ընդ որում, կիներու ապրելու միջին տարիքը 77.9 է, իսկ այրմարդոցը՝ 71.5: Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս տեղեկութիւնները փոխանցած է Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան մարդահամարի եւ ժողովրդագրութեան բաժինի պետ Կարինէ Կույումջեան:
Անոր համաձայն՝ նախորդ տարուան հետ բաղդատելով այրմարդոց կեանքի միջին տեւողութիւնը աւելցած է 0.6 տարիով, իսկ կիներունը՝ 0.4ով:
«Կեանքի միջին տեւողութիւնը հաշուարկելիս հիմք են ընդունում նաեւ մանկական մահացութեան եւ ընդհանուր մահացութեան ցուցանիշները: Հաւանաբար, կեանքի միջին տեւողութեան աճը Հայաստանում ուղղակիօրէն կապուած է հէնց այս երկու ցուցանիշների նուազման հետ:
Հայաստանում կեանքի միջին-սպասուող տեւողութիւնը բաւական բարձր է՝ այլ ԱՊՀ երկրների համեմատ: Մօտաւորապէս նոյն մակարդակի վրայ են գտնւում նաեւ Վրաստանի եւ Ադրբեջանի ցուցանիշները: Սակայն շատ այլ երկրների համեմատ հայաստանեան ցուցանիշները դեռ բաւական ցածր են», յայտնած է Կույումջեան։
Նշենք, որ բարձրագոյն ցուցանիշներով տարիներ շարունակ տեղ գրաւած է Ճափոնը, ուր կեանքի միջին տեւողութիւնը 82.6 տարի է (կիներունը՝ 86.1, այրմարդոցը՝ 78), իսկ ամէնէն ցած ցուցանիշը արձանագրուած է Սվազիլենտի մէջ, ուր կեանքի միջին տեւողութիւնը ընդամէնը 39,6 տարի է (կիներունը՝ 39,4, այրմարդոցը՝ 39,8):