Ըմբշամարտ. Աշխարհի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Ազատ Ոճի Հայ Ըմբիշները Ձեռնունայն Վերադարձան Զաղրեպէն

 

0811_azad-vodj5-10 օգոստոսին, Խրուաթիոյ մայրաքաղաք Զաղրեպի մէջ տեղի ունեցաւ աշխարհի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութիւն:

Ազատ ոճի ըմբշամարտի մրցումներուն, հայ ըմբիշները ձեռնունայն վերադարձան Զաղրեպէն` ոչ իսկ մէկ մետալի տիրանալով:

66 քկ դասակարգին մէջ Արէն Առաքելեան իր կատարած առաջին իսկ ճակատումին պարտութիւն կրեց, իսկ 96 քկ դասակարգին մէջ Վիքթոր Քազիշվիլի հայ մարզիկներուն մէջ արձանագրեց լաւագոյն արդիւնքը (7-րդ):

Մնացեալ չորսը մէկ իրագործում կրցան կատարել:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.