Ցեղասպանութեան Մասին Պունտեսթակի Նախագահին Ելոյթը Անհանգստացուցած Է Անգարան
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Համաշխարհային Ա. պատերազմի 100ամեակը» խորագիրով ձեռնարկին ընթացքին արտասանուած Գերմանիոյ Պունտեսթակի (խորհրդարանի) նախագահ Նորպերթ Լամերթի ելոյթը անհանգստացուցած է Անգարան:
Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք այդ կապակցութեամբ յատուկ նամակ մը յղած է Լամերթին՝ իր մտահոգութիւնը յայտնելով վերջինիս խօսքերուն առնչութեամբ: Ըստ թրքական «Հապերլեր» կայքին՝ Չիչեք քննադատած է յատկապէս Պունտեսթակի նախագահի հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Հայերու աքսորն ու ոչնչացումը, անոնց տեղահանութիւնն ու զանգուածային սպանութիւնը վերածուած էին պատերազմական գործիքի»:
Իր նամակին մէջ Չիչեք կրկնած է, թէ «հայերուն տեղահանութիւնը պատերազմական պայմաններու հետեւանքով եղած է, եւ այդ պատճառով ալ, զայն կարելի չէ աքսոր կամ զանգուածային սպանութիւն նկատել»՝ աւելցնելով, որ պատերազմը «թէ՛ հայերու, թէ՛ թուրքերու համար մեծ ցաւերու ժամանակաշրջան մը եղած է»:
Անդրադառնալով Լամերթի խօսքերուն՝ Չիչեք կոչ ըրած է Գերմանիոյ «անկողմանակալ վերաբերմունք ցուցաբերելու», եւ փափաք յատնած է այս հարցին մանրամասնութիւնները քննարկելու իրենց յաջորդ հանդիպման ընթացքին: