Մուսա լերան Վագըֆլը գիւղի գիւղապետ Պերճ Գարթուն ամօթալի կը նկատէ Էրտողանի յայտարարութիւնը
Գիւղապետ Պերճ Գարթուն
Թուրքիոյ վարչապետ եւ նախագահական թեկնածու Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանի վերջերս հայերու հասցէին հնչեցուցծ վիրաւորական խօսքերը վշտացուցած են Թուրքիոյ հայկական Վագըֆլը գիւղի բնակչութիւնը: «Էրտողանը դառնութիւն պատճառեց ամէն ընտրութիւններուն իրեն աջակցող Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղի հայ բնակիչներուն», կը գրէ թրքական «Շանլըուրֆա» լրատուականը:
Յիշեցնենք, որ NTV հեռատեսիլի կայանի ուղիղ եթերով Էրտողան ըսած էր. «Ինծի վրացի անուանած են: Ներեցէք, բայց աւելի գէշ բան ալ ըսած են, ինծի հայ անուանած են»:
Վագըֆլիի գիւղապետ Պերճ Գարթունը «Շանլըուրֆա»ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է. «Վարչապետը հայ ըլլալը գէշ բան նկատող տհաճ յայտարարոթիւն կատարած է: Մենք շատ վշտացած ենք: Ան վշտացուցած է նաև իր օգտին քուէարկողներուն: Դուն երկրի մը վարչապետն ես, ուր ահագին հայեր կան, ի՞նչ է, անոնց բոլորին հիմա դուն այդչափ գէ՞շ աչքով կը նայիս, չեմ հասկնար»:
Գարթունը նշած է նաեւ, որ վագըֆլիի հայերը կը պատրաստուէին ընտրութիւններուն իրենց ձայնը տալ Էրտողանին: «Այլ կրօնքի պատկանող մարդոց նսեմացնելը ամօթալի բան է».- եզրափակած է գիւղապետը: