Մարտունիի վրայ յարձակման փորձ մը ետ կը մղուի

\n

\n

Օգոստոսի 5-ի գիշերը, ատրպէյճանական բանակի քոմանտոներ Ղարաբաղ-Ատրպէյճան սահմանագծի հարաւ արեւելեան՝ Մարտունիի ուղղութեամբ ձեռնարկած են ներթափանցման փորձ: Այս մասին կը  տեղեկացնէ ԼՂՀ պաշտպանական բանակի մամլոյ գրասենեակը։

\n

ԼՂՀ Պաշտպանական բանակի ստորաբաժանումներու հակադարձ գործողութիւններու արդիւնքով, ատրպէյճանական կողմը տալով մէկ զոհ եւ վիրաւորներ, ետ մղուած է: 

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.