Հայկական բանակի ռազմօդանաւեր կը հսկեն սահմանին վրայ


Օգոստոս 6-ին, Հայկական  բանակի ռազմօդանաւեր սկսան թռիչքներ կարարել Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ: ՀՀ Պաշտպանութեան բանակի մամլոյ գրասենեակի հաղորդումով, թռիչքները պայմանաւորուած են ստեղծուած ռազմական իրադրութեամբ:

Յիշեցնենք, որ յուլիս 31-էն մինչ օրս հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ պատերազմական կարուած վիճակ կը տիրէ։ Ատրպէյճանական կողմը պարբերաբար կը խախտէ զինադադարը։ Ատրպէյճանական կողմը Յուլիս 31-էն ի վեր տուած է 25 զոհ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան բանակի պաշտօնական տուեալներով՝ նոյն ժամանակահատուածին հայկական կողմը ունեցած է 6 զոհ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.