Արամ Մանուկեանի Ծննդեան 135ամեակը Պետական Մակարդակով Նշելու Կոչ
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Այս տարի լրանում է Հայոց նորագոյն պետականութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի ծննդեան 135ամեակը: Սա այնպիսի տարեդարձ է, որը պէտք է նշուի պետական մակարդակով», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարած է «Զօրավար» հիմնադրամի հիմնադիր-տնօրէն Տիգրան Պետրոսեանցը։
Ան նշած է, որ իրենք Հայաստանի կառավարութեան պիտի յղեն նամակ՝ առաջարկելով հիմնել «Արամ Մանուկեան» շքանշան, որ տարին անգամ մը պիտի տրուի Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցած անձերուն, հրապարակել «Արամ Մանուկեան» դրոշմաթուղթ, հրատարակել քաղաքական գործիչին կեանքին նուիրուած մենագրութիւն, նկարահանել վաւերագրական ժապաւէն եւ Հոկտեմբեր 31ին Արամ Խաչատրեանի անուան դահլիճը անվճար տրամադրել «Զօրավար» հիմնադրամին՝ յիշատակի երեկոյ կազմակերպելու նպատակով:
Տիգրան Պետրոսեանց աւելցուցած է, որ հիմնադրամին անունով նամակ յղուած է նաեւ Երեւանի քաղաքապետին՝ աւագանիի նիստին որոշում տալու Արամ Մանուկեանի արձանի տեղադրման գծով եւ պատշաճ լուծում գտնելու Արամի, 9 հասցէին վրայ գտնուող շէնքի, ուր ժամանակին բնակած է քաղաքական գործիչը։ «Տասը տարուայ ընթացքում գնորդ կողմը, ի դէմս «Գլենդել Հիլզ»ի, չի կատարել իր պարտաւորութիւնները, եւ, ելնելով սրանից, քաղաքապետարանը կարող է վերադարձնել շէնքը իր հաշուեկշիռ, որպէսզի հնարաւորութիւն ստեղծուի հիմնադրել Արամ Մանուկեանի տուն-թանգարան: Հակառակ դէպքում այն կը մտնի «Հին Երեւան» համալիրի մէջ, որը սեփականատէրը ամենայն հաւանականութեամբ կ՛օգտագործի որպէս բիզնես տարածք եւ ոչ թէ թանգարան», ըսած է Տիգրան Պետրոսեանցը:
«Արամ Մանուկեան» մենագրութեան հեղինակ Արմէն Ասրեանի համաձայն՝ կան Արամ Մանուկեանէն պահպանուած նամակներ, անձնական իրեր, որոնք կը գտնուին անհատներու մօտ, հագուստ, որ կը գտնուի Սարդարապատի թանգարանին մէջ: «Ցաւօք, Արամ Մանուկեանի անձնական իրերի մի մասը ոչնչացուել է, միւս մասը կինը, ամուսնու մահուանից յետոյ, ոչնչացրել է, երբ հերթական անգամ խորհրդային իշխանութիւնները խուզարկութիւններ են կատարել», աւելցուցած է պատմագէտը: