Ֆաթիհ Աքինի Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Շարժանկարը Պիտի Ներկայացուի Վենետիկի Շարժանկարի Փառատօնին


Արմինիըն Ուիքլի կը հաղորդէ, որ ծագումով թուրք գերմանացի բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքինի վերջին շարժանկարը՝ »Հատում«¬ը (The Cut) պիտի ներկայացուի Վենետիկի շարժանկարի 71¬րդ փառատօնին ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ 27 Օգոստոսէն 6 Սեպտեմբեր։ »Հատում«¬ը կը ներկայացնէ Նազարէթ Մանուկեանի պատմութիւնը, որ ցեղասպանութենէն վերապրելէ ետք կ’իմանայ, թէ իր երկուորեակ աղջիկները կրնան ողջ ըլլալ եւ կը սկսի զանոնք փնտռել։ Նազարեթի ճամբորդութիւնը զինք իր գիւղէն՝ Մարտինէն կը տանի անապատ, Քուպա եւ վերջապէս Միացեալ Նահանգներ՝ Հիւսիսային Տաքոթա։ Համր Նազարէթի դերը ստանձնած է Թահար Ռահիմ։ Այլ դերասաններու շարքին են Սիմոն Աբգարեան, Արսինէ Խանճեան, Աքին Կազի եւ Ճորճ Ճորճիու։ Ժապաւէնին բնագիրը գրուած է Աքինի եւ Մարտիկ Մարթինի կողմէ։ Շարժանկարը անգլերէն է եւ 138 վայրկեան տեւողութիւն ունի, թէեւ Վենետիկի մէջ ներկայացուելիք տարբերակը գերմաներէն թարգմանութեամբ է։

Աքին Սինէեուրոփար¬ի յայտնեց, որ Թահար ամբողջ շարժանկարի ընթացքին ոչ իսկ մէկ խօսք կ’արտասանէ եւ որոշ չափով կը նմանի Չարլի Չափլինի, սակայն նոյն ատեն տիպային արեւմտեան տիպար մըն է։

Աքին «Հատում» շարժանկարը ներկայացուց Քանի շարժանկարի փառատօնին, սակայն մետասաներորդ պահուն զայն ետ վերցուց՝ «անձնական պատճառներով»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.