Կիւլէնականները Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ 8 տարուան ընթացքին 1.5 միլիոն տոլար ծախսած են


Թրքական «Հապեր10»-ը կայքը կը տեղեկացնէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ ընթացիկ ամսուան ընթացքին,  հաշուետուութիւններու քննութիւններու ընթացքին յառաջացած խնդիրներու պատճառով փակուած են թրքական Կիւլէնական համայնքին պատկանող 2 դպրոց: Ռուսաստանի կրթութեան նախարարութիւնը չեղեալ յայտարարած է կիւլէնականներու հաստատութիւն նկատուող «Ատլանտեան միջազգային կրթական կեդրոնի» գործունէութեան տրուած թույլտուութիւնը:

Ըստ ամերիկեան «Buzzfeed» լրատուական կայքին, Միացեալ Նահանգներու Կիւլէնական համայնքը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ լոպպիյինկի եւ քարոզչական աշխատանքներու ընթացքին, 2007 թուականէն սկսեալ ԱՄՆ քաղաքական գործիչներու 1.5 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւններ բաշխած է: Նուիրատուութիւններ ստացած քաղաքական անձերու շարքին եմ Պարաք Օպաման, Հիլըրի Քլինթընը….:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.