Քեսապի Մէջ Անյայտացած Շանթ Յովհաննէսեանը սպաննուած Գտնուած է


Հալէպի թէժ մարտերու ժամանակ, Հալէպաբնակ Շանթ Յովհաննէսեան իր կնոջ եւ երեխայի հետ կը տեղափոխուի Քեսապ՝ աւելի ապահով ըլլալու համար:

Մարտ 21-ին Քեսապի վրայ յարձակման ժամանակ, ան իր կինն ու երեխան կը դնէ Լաթաքիա տեղափոխող հանրակառքի մը մէջ եւ ինք Քեսապ կը մնայ:

Մօտ չորս ամիսէ ի վեր Շանթի մասին տեղեկութիւններ չկային: Միայն օրեր առաջ, անոր անշնչացած մարմինը գտածէ իր կինը, իրենց տան բակին մէջ նոր յայտնաուած բլուրին տակ թաղուած։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին յայտնեցին Շանթի հարազատները։

Մասնագէտները յայտնած են, որ Շաենթ Յովհաննէսեան սպաննուած է 100 օր առաջ, բերնի մէջ ստացած կրակոցի հետեւանքով։

Շանթ Յովհաննէսեանի հարազատները, Յուլիս 22-ին Երեւանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ  հոգեհանգստեան արարողութիւն կազմակերպեցին հանգուցեալի հոգիի խաղաղութեան համար։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.