Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարարը կը ժխտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը

\n

\n

Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճուլի Պիշըբ յայտարարած է, որ իր երկրի արտաքին քաղաքականութեան մէջ 1915-ի դէպքերը չեն ճանչցուիր որպէս ցեղասպանութիւն: Իսկ Աւստրալիոյ նահանգներու` այդ հարցին գծով իւրաքանչիւր նահանգի քաղաքականութիւն մշակելու միտումը նախարարը հակաօրէնսդրական համարած է:

\n

Պիշըբ, պատասխանելով «Աւստրալիոյ թրքական պաշտպանութեան դաշինք»ի (ATA-Australia) Սիտնիի մասնաճիւղի ղեկավար Էրթունչ Օզէնի ուղարկած նամակին, նշած է, որ հակառակ այն իրողութեան, որ կարգ մը անհատներ և որոշ խումբեր վերոնշեալ հարցին վերաբերեալ տարբեր կարծիք ունին, Աւստրալիոյ կառավարութիւնը այդ զգայուն հարցին միջամտելու կողմնակից չէ:

\n

Թրքական «Եէնի վաթան» լրատուական կայքին, Պիշըբը յայտնած է, որ իրենք հարցը լուծելու համար կողմերուն`Թուրքիային և Հայաստանին  հրաւիրած էին երկխօսության և ցիւրիխեան արձանագրութիւններուն վաւերացման առաջարկ ըրած էին: 

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.