Կարսի Ամրոցին Մէջ Եռագոյնին Ծածանումը Իրարանցում Յառաջացուցած Է Թուրքիոյ Մէջ

\n

\n

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Կարսի բերդ այցելած հայ զբօսաշրջիկները պարզած են Եռագոյնը եւ երգած են Հայաստանի քայլերգը: Թրքական «Հապերլեր» լրատուական կայքին համաձայն՝ հայ զբօսաշրջիկներուն առած այս քայլը իրարանցում յառաջացուցած է Թուրքիոյ մէջ: Թրքական, այսպէս կոչուած՝ «Հայերու անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութիւն» (ASIMDER) կառոյցի ղեկավար Քէօքսալ Քիւլպէյ իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է հետեւելու Թուրքիա այցելող հայերուն քայլերուն եւ սահմանափակելու զանոնք: Կարգ մը քաղաքացիներ ալ դժգոհած են, որ հայերը Թուրքիոյ մէջ բարձրացուցած են իրենց Եռագոյնը եւ երգած Հայաստանի քայլերգը:
\n Թուրք ազգայնականը յայտնած է, որ հայերը արեւելեան Անատոլուն կը կոչեն Արեւմտեան Հայաստան՝ դիտել տալով, որ այս մասին նշուած է նաեւ Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրին մէջ: Ան յայտարարած է, որ Թուրքիա այցելող հայերը «սադրիչ գործողութիւններ կը կատարեն» եւ մեղադրած է Հայաստանի իշխանութիւններն ու սփիւռքի նախարարութիւնը՝ նմանօրինակ գործողութիւններուն իբր թէ աջակցելու համար:
\n «Հայերը Կարսի բերդին մէջ պարզած են Հայաստանի դրօշը եւ երգած քայլերգը: Նոյնը կատարած են նաեւ Վանի Աղթամար կղզիին վրայ: Ինչո՞վ զբաղած են անվտանգութեան ուժերը», հարց տուած է ASIMDER–ի առաջնորդը եւ սպառնացած, որ հետամուտ պիտի ըլլայ այս հարցով թրքական պատասխանատու մարմինները պատժելու:
\n Թուրք ազգայնականը զգօնութեան կոչ ուղղած է իշխանութիւններուն եւ յայտարարած, որ հայկական լոպիիստական ուժերը կը պատրաստուին 2015 թուականի շեմին Թուրքիոյ տարածքին սադրիչ եւ քայքայիչ գործողութիւններ իրականացնել:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.