ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Վանաձորի ամառնային ճամբարը կը թեւակոխէ իր չորրորդ տարին
1074
0
Յուլիս 21-ին, ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան (ԳԵՄ) կազմակերպութեամբ սկիզբ առաւ Վանաձորի ճամբարը։ 2011-էն ի վեր գործող ամառնային ճամբարին կը մասնակցին 10-14 տարեկան վանաձորի բնակիչ երեխաներ։
2014-ի ծրագիրը կ՚ընդգրկէ խաղեր, ձեռային աշխատանքներ, պատմութեան դասաւանդում, երգեցողութիւն եւ անգլերէնի դասեր
Վանանձորի ամառնային ճամբարը այս տարի պիտի ղեկավարեն ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան 8 վարիչներ
Այս տարի ճամբարին արձանագրուած երեխաներուն թիւը բարձրացած է 230-ի։ Նշենք նաեւ, որ ՀՅԴ ԳԵՄ-ը կը հոգայ երեխաներուն առօրեայ սնունդի մատակարարումը։