Քաշաթաղի Մէջ Սկսան Լիբանանի ՀՅԴ ԶՈՄի Կազմակերպած Ճամբարները


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».– 20 Յուլիսին Բերձորի եւ Կովսականի մէջ սկսաւ Լիբանանի ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական մի-ութեան կազմակերպած ճամբարները: Արդէն 10 տարի է զաւարեանականները «Քաշաթաղը իմ հայրենիքն է» ծրագիրով հանդէս կու գան նման նախաձեռնութեամբ՝ ճամբարներ կազմակերպելով Արցախի Քաշաթաղի շրջանին մէջ: Այս տարի ՀՅԴ ԶՈՄի ճամբարներ կը կայանան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Կոտայքի մարզին մէջ:
Լիբանանէն ժամանած ԶՈՄական Արա Գասապեան «Ապառաժ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Բերձորի թիւ 2 դպրոցին մէջ կայացող ճամբարին կը մասնակցին 8-18 տարեկան մօտ 60 երեխաներ եւ պատանիներ: Ան նշեց նաեւ, որ զաւարեանականները ճամբար կը կազմակերպեն նաեւ Կովսականի մէջ, որուն կը մասնակցին մօտ 70 երեխաներ եւ պատանիներ: Խօսելով ճամբարներու նպատակներուն մասին՝ կազմակերպիչները նշեցին, որ ճամբարի ծրագիրը շատ ընդարձակ ու բազմազան է՝ սկսեալ ուրախ ժամանցէն, խաղերու կազմակերպումէն մինչեւ դաստիարակչական աշխատանքներ: 14 օր Բերձորի ու Կովսականի երեխաներն ու պատանիները ուրախ ժամանց պիտի անցընեն ԶՈՄականներուն հետ՝ սորվելով շատ կարեւոր բաներ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.