Հ.Յ.Դ. Գանատայի Պատանեկան Միութեան պատանիները այցելեցին Եռաբլուր եւ Ծիծեռնակաբերդ
\n
\n
Հ.Յ.Դ. Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմնի կազմակերպուած, այս տարուան դէպի Հայաստան այցելութիւնը սկիզբ առաւ 17 Յուլիս 2014-ին, 35 մասնակիցներուն Հայաստանի՝ «Զուարթնոց» Միջազգային օդակայան ժամանումով:
\n
Հայաստանագնացութիւն 2014-ին կը մասնակցին Թորոնթոյէն, Մոնթրէալէն եւ Վանքուվըրէն պատանիներ, հինգ վարիչ-վարիչուհիներ եւ ԸՎՄէն երկու ներկայացուցիչներ:
\n
Հակառակ Հայաստանի մէջ տիրող շատ տաք եղանակին, պատանիները առաջին օրէն իսկ հետեւեցան իրենց համար մշակուած պտոյտի եւ այցելութիւններու ծրագրին: Անոնք իրենց ժամանումի առաջին օրն իսկ այցելեցին Հայաստանի Պետական թանգարանն ու մատենադարանը: Երկրորդ օրուան ծրագիրը ընդգրկեց, մեծ խանդավառութիւն ստեղծած Գառնիի տաճառի եւ Գեղարդի այցելութիւնները:
\n
Շաբաթ 19 Յուլիսին, պատանիները այցելեցին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Գերագոյն Մարմնի շէնքերը եւ Դաշնակցութեան թանգարանը: Անոնք աւելի ուշ ուղղուեցան դէպի Պրոշեան ուր հանդիպումներ ունեցան Արցախեան Պայքարի Ազատամարտիկներ՝ Նահատակ ընկերներ Պետոյի եւ Կարօտի ընտանիքներուն հետ: Սոյն այցելութիւններէն խորապէս տպաւորուած, պատանիները շարունակեցին իրենց ճամբան դէպի Ուշի գիւղ եւ տեղի մշակութային կեդրոնը: Իսկ երեկոյեան անոնք վայելեցին Հանրապետութեան հրապարակի շատրուաններու երաժշտական ներկայացումը: Կիրակի օր պատանիները իրենց ուխտը կատարեցին Եռաբլուրի եւ Ծիծեռնակաբերդի մէջ:
\n
Նշենք որ պատանիները երկուշաբթի 21 Յուլիսին պիտի մեկնին դէպի Արցախ: Անոնց ծրագիրը լեցուն է մշակութային, պատմական, ազգային եւ յեղափոխական արժէքներ ներկայացնող այցելութիւններով եւ պտոյտներով, որոնց մասին ձեզի պիտի փոխանցենք շաբաթական դրութեամբ:
\n
Կրնաք նաեւ պատանիներուն մասին տեղեկանալ այցելելով մեր Facebook-ի էջը ARF Junior Organization of Canada: Հետեւեցէք մեր լուրերուն:
\n