Նախարար Ղազարեան Ընդունեց Աշխարհի Եւ Եւրոպայի Մրցանշակիր Յովհաննէս Եազիչեանը
1200
0
Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց լեհաբնակ Յովհաննէս Եազիչեանը, որ աշխարհի եւ Եւրոպայի ժիւտոյի մրցանշակիր է (2 ոսկի, 1 արծաթ եւ 1 պրոնզ), արձանագրած է շարք մը յաջողութիւններ` Լեհաստանի, Ուքրանիոյ եւ Չեխիոյ մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքերուն, ինչպէս նաեւ Լեհաստանի մէջ գտնուող ժիւտոյի կարեւոր ակումբներէն մէկուն մարզիչն է:
Նախարար Ղազարեան կարեւորութեամբ նշեց այն կէտը, որ այս մարզաձեւը պէտք է յառաջխաղացք արձանագրէ Հայաստանի մէջ, եւ հայ մարզիկները տիրանան նորանոր մետալներու:
ArmSport.am կայքը կը նշէ նաեւ, որ այս հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնի գլխաւոր քարտուղար, փոխնախագահ Դաւիթ Խիթարեան: