44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Հայաստան ՀԱՊԿ-ին չէ դիմած. ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդ
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդը յայտարարութեամբ անդրադարձած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովայի այն պնդումին, թէ Հայաստան փորձած է ՀԱՊԿ-ի գործիքակազմը գործարկել Արցախի հակամարտութեան առնչութեամբ։
Խորհուրդը շեշտած է, որ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութիւնը ՀԱՊԿ-ին չէ դիմած։ Յայտարարութիւնը մէջ Կեդրոնական խորհուրդը նաեւ սխալ կը համարէ այն բացարձակ պնդումը, թէ Հայաստան Արցախը չէր ընդուներ որպէս անկախ պետութիւն։։
Ըստ յայտարարութեան՝ Հայաստան Արցախը պաշտօնապէս եւ իրաւականօրէն չէր ճանչցած՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի բանակցային գործընթացը չխոչընդոտելու նպատակով, սակայն գործնականօրէն զայն կը դիտէր որպէս կայացած պետութիւն եւ անոր հետ կը պահպանէր պետական ու միջպետական յարաբերութիւններու լայն համակարգ։
Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդը նաեւ յիշեցուցած է, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն ներկայացուցած կարգաւորման առաջարկները կը նախատեսէին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքի կայացման ճանապարհային քարտէս։
Յայտարարութեան համաձայն՝ այս փաստերը կարեւոր են նաեւ արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի պաշտպանութեան տեսանկիւնէն։ Խորհուրդը վերահաստատած է, որ Հայ Դատի համակարգը պիտի շարունակէ աջակցիլ այդ իրաւունքի տիրացման։