44օրեայ Պատերազմի Հանգամանքները Ուսումնասիրող Քննիչ Յանձնաժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքը
- (0)

44օրեայ պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող Քննիչ յանձնաժողովը աւարտեց իր աշխատանքը: Զեկոյցը ուղարկած են Ազգային ժողովի նախագահին, որմէ ետք պիտի որոշուի, թէ անիկա ե՛րբ պիտի հրապարակուի:
Թէեւ նախորդ տարի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը հաստատած էր, որ զեկոյցը պատրաստ է, սակայն ցարդ անիկա հանրութեան հասանելի չէ: Յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան վստահեցուցած էր, թէ զեկոյցին պիտի յաջորդեն քրէական գործեր:
Կ՛ենթադրուի, որ յառաջիկայ նիստերէն մէկուն ընթացքին, Ազգային ժողովին մէջ պիտի ներկայացնեն զեկոյցը: Իսկ մինչ այդ որոշած են չխօսիլ այս մասին:
Քոչարեանի գլխաւորած յանձնաժողովը երեքուկէս տարիէ ի վեր կ՛ուսումնասիրէ պատերազմին հանգամանքները:
Փաշինեանի կառավարման օրերուն տեղի ունեցած պատերազմին, պարտութեան եւ կորուստներու հանգամաքնները կը քննեն միայն Փաշինեանի խմբակիցները: Ընդդիմադիրները մերժեցին մասնակցիլ՝ հիմնաւորելով, որ պատերազմի շրջանին ղեկավարած իշխանութիւնը չի կրնար առարկայական քննութիւն կատարել:
«Մի ուժ, որը եղել է պատերազմի հիմնական պատասխանատուն եւ մեղաւորը, միայն ՔՊականներով քննելը 44օրեայ պատերազմը, դահլիճում միայն ՔՊականներով քննարկելու են զեկոյցը, որեւէ մէկը դրա մասին տեղեակ չի լինելու, նկատի ունեմ՝ ժողովուրդը, սա ուղղակի աբսուրդ (անհեթեթ) է», ըսաւ Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Գրիգորեան:
«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան իր կարգին յայտնեց, որ այս տարիներուն հաստատուեցաւ իրենց այն կասկածը, որ առարկայական քննութիւն չէ եղած, իսկ իշխանաւորները լծուած են մեղաւորներ կարգելու գործին։ «Կեանքը ցոյց տուեց, որ մեր կասկածները լրիւ տեղին էին, եւ դրա համար էլ մենք այլընտրանքային նախաձեռնութիւն ունէինք, որը մերժուեց: Այսօր եկել հասել ենք մի տեղ, որ իշխանութիւնը քննեց իր գործողութիւնները եւ դարձրեց 3 տարի մատի փաթաթան այս ամբողջը, դրա հիման վրայ հիմա զեկոյց են պատրաստել, որին ծանօթ չենք: Իսկ այնտեղ հարցեր, հարցականներ, կասկածներն ահռելի են», ըսաւ Մանուկեան, ըստ որուն, քաղաքականացուած զեկոյց մը պիտի ըլլայ՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ այս իշխանութեան գործողութիւնները ուղղակի սպիտակեցնելու համար:
«Մեղաւորներ կը կարգուեն, այդ մեղաւորները կը լինեն այս իշխանութիւնից դուրս: Ի սկզբանէ էինք ասում, որ սա փորձելու են զինուորականների գլխին կոտրել», նշեց Մանուկեան: