Մուսա Լերան Վագըֆ գիւղին մասին կ՚անդրադառնայ թրքական թերթը


«Ակունք» կը գրէ, որ թրքական «Ճանլը հապեր» կայքը յօդուած մը հրած է Թուրքիոյ միակ Հայկական գիւղի՝ Վագըֆի մասին, կոչ ուղղելով այցելել այդ գիւղ։

«Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղը կը գտնուի Հաթայ (Իսկէնտէրուն, «Հ») նահանգի Սամանտաղի շրջանին մէջ, Մուսա լերան լանջերուն։ Անիկա 30 քիլոմեթր հեռու է Սուրիոյ սահմանէն։ Բացի այն, որ գիւղին մէջ միայն հայեր կ՚ապրին, գիւղի միւս կարեւոր հանգամանքն այն է, որ այնտեղ կը զբաղին օրկանիք գիւղատնտեսութեամբ։ Գիւղը օրկանիք միրգեր արտածելով՝ միայն 2004 թուականին Թուրքիոյ ապահոված է մէկ միլիոն եուրոյի եկամուտ։ Վագըֆ գիւղը պարգեւատրուած է նաեւ Թուրքիոյ ազգային ողիմպիական կոմիտէի կողմէն՝ հասարակական մարզական աշխուժութեան մրցանակով։

Գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին 1997 թուականին ամբողջական վերանորոգման ենթարկուած է եւ ստացած այսօրուան տեսքը։ Այդ եկեղեցւոյ մէջ գիւղի հայ բնակչութիւնը ամէն տարի կը շարունակէ նշել Ս. Ծնունդը, Ս. Զատիկը, Ս. Աստուածածնի տօնը։ Գեղեցիկ տեսարան ունեցող, օրկանիք միրգեր ունեցող եւ աւանդութիւնները շարունակող գիւղը կը սպասէ այցելուներու», գրած է «Ճանլը հապեր» կայքը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.