Հայաստանի աշխատող ձեռքերու 16%-ը գործազուրկ


«Զբաղուածութեան պետական ծառայութիւն» գործակալութեան պետ Արտակ Մանգասարեան Երեքշաբթի, Յունիս 24-ին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուած է երկրին գործազրկութեան պատկերը։ 2014 Յունիս 1-ի տուեալներով՝ Հայաստանի մէջ գործազուրկներու թիւը անցեալ տարուան նոյն թուականին համեմատ բարձրացած է 3,7 տոկոս՝ կազմելով 61,9 հազար հոգի։

Ըստ Մանգասարեանի՝ Հայաստանի մէջ գործազուրկներու թիւը կը կազմէ աշխատանք ունեցողներու թիւին 95,4 տոկոսը։ Այս ցուցանիշը, 2013 տարուան հետ բաղդատած՝ նուազած է 6,5 տոկոս։

Գործակալութեան տուեալներուն համաձայն՝ այսօր Հայաստանի գործօն բնակչութեան 16,2 տոկոսը գործազուրկ է։ «Զբաղուածութեան պետական ծառայութիւն» գործակալութեան պետը նշած է, որ Հայաստանի աշխատանքի շուկային վրայ այսօր մարզերու մէջ բժիշկներու եւ հիւանդապահուհիներու, տնտեսագէտներու, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու մասնագէտներու, ճարտարագէտներու, մանկավարժներու, դաստիարակներու, առեւտրական վարիչներու, վաճառողներու, սպասեակներու, խոհարարներու, հացթուխներու, վարսայարդարներու, ելեկտրականութեան մասնագէտներու, վարորդներու մեծ պահանջք կայ։

«Թափուր աշխատատեղեր ամէնուր կան, բարձր որակաւորում ունեցող մասնագէտների կարիք կայ, սակայն առաջարկուող աշխատավարձը ցածր է, ինչը չի նպաստում գործազուրկների թուի նուազմանը» դիտել տուած է Մանգասարեան։

2014 Յունիս 1-ի տուեալներով՝ վերջին տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ աշխատանք գտած է 4277 գործազուրկ, որոնց 2572-ը կիներ եղած են։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.