Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Հերքէ Հայաստան-Թուրքիա Սահմանի Բացման Լուրը
\n
\n
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն հերքած են մամուլի մէջ տարածուած այն լուրը, թէ թրքական իշխանութիւնները կը նախապատրաստուին բանալու Հայաստան-Թուրքիա սահմանի Ալիջանի անցակետը։՚
\n
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլգիչ տեղեկացուցած է, որ սահմանի բացման մասին շշուկները չեն համապատասխաներ իրականութեան։ Պիլգիչ ընգծած է, որ Հայաստանի հետ սահմանը փակուած է 1993-ին «Ազրպէյճանի հողերու գրաւման պատճառով»։
\n
«Սահմանի բացումը, սակայն, Հարաւային Կովկասի մէջ համապարփակ խաղաղութեան եւ կարգաւորման հոլովոյթի համար հնարաւորութիւն ապահովող զարգացումներու ծիրին մէջ կրնայ գալ օրակարգի վրայ։ Այդ հարցին մէջ որոշիչ պիտի ըլլայ բոլոր հարեւաններու հետ ունեցած խնդիրներու լուծման համար Հայաստանի կողմէ կամքի դրսեւորումը եւ ատոր համապատասխան քայլերու կատարումը», ըստ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքի, ըսած է Թանժու Պիլգիչ։
\n
Յիշեցնենք, որ թրքական ընդդիմադիր «Թարաֆ» օրաթերթը հաղորդած էր, որ Թուրքիոյ վարչապետը 1915-ի կապակցութեամբ հայերուն յղած ցաւակցական ուղերձէն հետոյ կը պատրաստուի երկրորդ քայլ կատարել. բանալ 1993-էն փակուած Հայաստան-Թուրքիա սահմանը։ Կը նշուէր, թէ վարչապետ Էրտողանի կողմէ արդէն հրահանգ տրուած է հասցնել սահմանային Ալիջան անցակետի բացման նախապատրաստական աշխատանքները։
\n
«Թէեւ տակաւին յստակացուած չէ սահմանի պաշտօնական բացման ժամանակացոյցը, սակայն քուլիսներու ետին խօսակցութիւններ կան, որ Սեպտեմբերէն ետք հաւանաբար պիտի բացուի», գրած է «Թարաֆ»։
\n