Քեսապահայերը Նիւթական Օժանդակութիւն Պիտի Ստանան
Յառաջիկայ օրերուն քեսապահայերը նիւթական օժանդակութիւն պիտի ստանան: «Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է քեսապահայ Կարօ Մանճիկեան` աւելցնելով, որ բնակիչներուն ցանկը արդէն պատրաստ է, եւ յառաջիկայ 4-5 օրերուն պիտի սկսի օգնութեան բաշխումը: Անոր համաձայն, օգնութիւնը տրամադրած է Համահայկական բարեգործական ընկերութիւնը:
«Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեան շօշափելի գումար փոխանցած է առաջին անգամ Քեսապ կատարած իր այցելութեան ընթացքին», նշած է Մանճիկեան` աւելցնելով, որ օգնութիւն տրամադրած է նաեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, Սուրիահայ շտապ օգնութեան մարմինը, օգնութիւն տրամադրած են նաեւ այլ կազմակերպութիւններ: Օժանդակութիւնը հերթականութեամբ պիտի բաժնուի բնակիչներուն` անհրաժեշտ կարիքներ հոգալու պայմանները բարելաւելու համար:
Կարօ Մանճիկեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ Քեսապի մէջ ենթակառոյցները ընդհանուր առմամբ արդէն վերականգնուած են, ի հարկէ, որոշ շրջաններու մէջ, Քեսապի մերձակայ գիւղերուն մէջ տակաւին վերականգնողական աշխատանքները կը շարունակուին: 70 հաստատութիւններ հրկիզուած ու քանդուած են: Մնացած շինութիւններուն, տուներուն մասին ան յայտնած է, որ անվնաս տուն չկայ, բոլորն ալ որոշ չափով վնասներ կրած են` իւրաքանչիւրը որոշ չափով:
Գիւղատնտեսութեան մասին Մանճիկեան ըսած է, որ 3 ամսուան աշխատանքը կը փորձեն երեք շաբաթէն ընել: Բերքին մէկ մասը կը հաւաքեն, մարդիկ կը փորձեն արտերու մշակման աշխատանքներ կատարել: Քեսապահայ կիներուն մէկ մասը կը շարունակէ գիշերել Լաթաքիա, քանի որ բնակարանները տակաւին բնակելի վիճակի մէջ չեն:
Կարօ Մանճիկեանի համաձայն, Քեսապէն Լաթաքիա երթալու եւ վերադառնալու համար պասեր տրամադրուած են:
Միւս կողմէ, Լաթաքիոյ մարզպետը ու Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեան քննարկած են Քեսապի իրավիճակը եւ օգնութիւն տրամադրելու ուղիները` նպատակ ունենալով կարգաւորել կենսակերպը եւ այնտեղ քաղաքացիներուն վերադարձը: «Բերիոյ Նիուզ»-ին համաձայն, հանդիպման ընթացքին մարզպետը դեսպանին հանգամանօրէն ներկայացուցած է ահաբեկչական յարձակման հետեւանքները, աւերը` դիտել տալով, որ վնասին չափը շուրջ 512 միլիոն սուրիական ոսկի է: Մարզպետը կոչ ուղղած է Հայաստանին` օժանդակելու գիւղաքաղաքի վերակառուցման, յատկապէս որոշ սարքաւորումներով` նկատի առնելով Սուրիոյ տնտեսական շրջափակումը:
Մարզպետը պարզաբանած է, որ 70 տոկոսով վերականգնուած են Քեսապի հիմնական ենթակառոյցները: Ապա ան կոչ ուղղած է մնացածներուն նոյնպէս վերադառնալու իրենց տուները, յատկապէս գիւղատնտեսական գործունէութեան, ուր բնակիչները փոխհատուցում պիտի ստանան գողցուած արտահունձքերու համար: Մարզպետ Ահմետ Շէյխ Ապտել Քատիր հաստատած է, որ մարզպետարանը պատրաստ է կարելիութեան սահմաններուն մէջ ամէն ինչ ընելու` օգնելու Քեսապի վերականգնման աշխատանքին:
Իր կարգին, դեսպան Փոլատեան նշած է, որ իր երկիրը դատապարտած է ամէն տեսակի ահաբեկչութիւն: Փոլատեան հաստատած է, որ իր երկրին կառավարութիւնը եւ ժողովուրդը պատրաստ են կարելի բոլոր միջոցներով օգնելու Քեսապին եւ բնակիչներուն: Դեսպանը հպարտութեամբ նշած է Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու մասին: