Քեսապի Վերականգնումին՝ 100,000 Տոլար
\n
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԹԻՒ 12
\n
Քեսապի ազատագրումէն ետք, Քեսապին վերստին կեանք պարգեւելու համար, հայութիւնը անսակարկ նուիրումով աշխատանքի կը նախաձեռնէ:
\n Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Եւ Վերականգնումի Մարմինս մօտէն կը հետեւի շրջանի իրադարձութիւններուն եւ ամէն կերպ կը ջանայ նեցուկ կանգնիլ հայաւանի վերակենդանացման:
\n ՍՇՕՎՄը, իր ստեղծումէն ետք, մինչեւ Քեսապի գրաւումը, իր աշխատանքային ուղեցոյցին համաձայն շարունակեց Քեսապին հերթական օժանդակութիւն յատկացնելու ծրագիրը:
\n Քեսապի գրաւումէն մինչեւ ազատագրում, ՍՇՕՎՄը, որպէս սուրիահայութեան օժանդակութեան գործին պատասխանատու մարմին, քանի մը հանգրուանով նիւթական յատկացում տրամադրեց Քեսապի Գործադիր Մարմինին:
\n Առաջին հանգրուանի օժանդակութիւնը կատարուեցաւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ճամբով՝ քսանհինգ հազար ամերիկեան տոլար:
\n Երկրորդ հանգրուանին՝ ՍՇՕՎՄի սնտուկէն քեսապահայութեան յատկացուեցաւ երկու միլիոն սուրիական ոսկի:
\n Միաժամանակ ՍՇՕՎՄը հետամուտ եղաւ գաղթական վիճակի մէջ գտնուող հայրենակիցներու աշխատանքներու կազմակերպման՝ Լաթաքիոյ մէջ եւ անկէ անդին:
\n Այս ընթացքին բարեսիրական զանազան կողմերէ օժանդակութիւններ փոխանցուեցան քեսապահայութեան, որոնց համար Մարմինս կը յայտնէ իր գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը:
\n Քեսապի ազատագրումէն ետք, Քեսապի Գործադիր Մարմինի առաջադրանքներուն ընդառաջ՝ ՍՇՕՎՄը շրջանի վերականգնման աշխատանքներու ծրագիրին համար, որպէս օժանդակութեան առաջին հանգրուան՝ անոր տրամադրեց հարիւր հազար ամերիկեան տոլար:
\n Օժանդակութեան աշխատանքները պիտի շարունակուին մինչեւ որ հայաւան Քեսապը իր բնականոն կեանքին վերադառնայ:
\n Յոյսով ենք, որ քեսապահայերը կը վերադառնան իրենց բնօրրանը եւ նոր խանդավառութեամբ ու կորովով կը շարունակեն Քեսապի վերականգնման ու վերաշխուժացման ծրագիրները, իսկ մեր ազգակիցները իրենց աջակցութեամբ քաջալեր կը հանդիսանան շրջանի վերակառուցման աշխատանքներուն:
\n
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
\nՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ
\nՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ
\n