Կոչ համայն քեսապահայութեան` վերադառնալու բնօրրան

\n

\n

Բերիոյ Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Իշխանութեան պատուիրակութիւնը բաղկացած Ազգ. վարչութեան ատենապետ մեթր Սնպուլ Սնպուլեանէ, Ազգ. վարչութեան անդամներ տիարք՝ Զարեհ Փոլատեանէ, Յարութիւն Քիլիսլեանէ, Պետրոս Յովհաննէսեանէ, Ազգ. երեսփոխան տիար Կարօ Եիւզպաշեանէ 23-25 Յունիս 2014-ին երկօրեայ այցելութիւն մը տուին Լաթաքիա-Քեսապ:

\n

Բերիոյ Հայոց Թեմի պատուիրակներու այս չորրորդ այցելութիւնը, առաջինն էր Քեսապ հայաւանի ազատագրումէն ետք:
Պատուիրակութեան հիմնական առաջադրանքն էր սուրիական քաջարի բանակին կողմէ ազատագրեալ հայաւանի տարածքներու իրադրութեան վերահասու դառնալ եւ առ այդ պարտադրաբար գաղթական դարձած շրջանի հայ ազգաբնակչութեան տունդարձը հունաւորել, համայնական ճիգերու ներդաշնակ աշխատանքով, ծրագրումով:

\n

Սուրիական հայրենիքի տագնապի ընդհանուր պարունակին մէջ Քեսապի եւ շրջակայքի հայաւաններու ազատագրումը իւրօրինակ իրագործումն է սուրիական պետութեան քաղաքական եւ զինուորական ձեռնհասութեան, որուն շնորհիւ բազմահարիւր ընտանիքներ իրենց պատմական տարածքները վերադառնալու եւ իրաւունքներուն վերատիրանալու հնարաւորութիւնը ունեցան:
Յարգանք` Քեսապի եւ շրջակայքի ազատագրման համար իրենց կեանքը նուիրաբերած նահատակներուն: Մեծարանք` քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարութեան: Երախտագիտութիւն` մեր ժողովուրդի համայն զաւակներուն, Հայաստան եւ Սփիւռք, որոնք հնարաւորութիւն չխնայեցին սատար հանդիսանալու Քեսապին եւ սուրիահայութեան:
Ազատագրեալ Քեսապը կը սպասէ իր զաւակներուն վերադարձին:
Կոչ կ′ուղղենք համայն քեսապահայութեան` վերադառնալու բնօրրան եւ լծուելու վերաշենացման գործին:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. իշխանութիւնը, Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի մարմինը, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի շտապի տեղական գործադիր մարմինները հետամուտ են պետական առնչակից իշխանութիւններու եւ ոչ-պետական մարդասիրական կազմակերպութիւններու գործակցութեամբ հնարաւորինս արագացնելու քեսապաբնակ մեր ժողովուրդի վերադարձը:

\n

Քեսապի վերականգնումը կը կարօտի իրատեսական, գործնական ծրագրաւորումներով համայնական ճիգերու:
Վստահ ենք, որ մեր ժողովուրդը եւ յատկապէս քեսապահայ զաւակները, քաջակորով կերպով կը յաղթահարեն այս մարտահրաւէրը, վերստին կը ծաղկին մեր շէները եւ խաղաղութիւնը բոյն կը դնէ սուրիական հայրենիքի ամբողջ տարածքին:

Հալէպ, 28 Յունիս 2014
ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳ. ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.