Հայկական լոպպին հասեր է Վան, Իգտիր եւ Մալաթիա…


Թուրքիոյ մէջ կը գործէ «Հայկական Պնդումներու Դէմ Պայքարելու Միջազգային Կազմակերպութիւն» կոչուած մարմին մը կայ, որուն նպատական ու առաքելութիւնը Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը ուրանալն է: Այս կազմակերպութեան կեդրոնը կը գտնուի Ըղտըրի (Իգտիր) մէջ։ Թրքական կրճատումով կը կոչուի ԱՍԻՄ-ՏԷՐ։ Ըստ այս կազմակերպութեան պնդումներուն,  Հայե՛րն են որ ցեղասպանութիւն գործադրած են թուրքերու դէմ: ԱՍԻՄ-ՏԷՐ ցուցահանդէսներ կը կազմակերպէ եւ Հայերու սպանդները ցոլացնող լուսանկարներ կը ցուցադրէ։

Վերջերս վերոյիշեալ կազմակերպութեան Նախագահ Կէօքսէլ Կիւլպէյ ըսաւ որ անդրադարձած են որ Հայկական Լոպպիները այժմ սկսած են աշխատիլ Մալաթիոյ մէջ եւ այդ պատճառով իրենք ալ Մալաթիա եկած են որպէսզի լուսաբանեն Մալաթիոյ ժողովուրդը եւ չարտօնեն որ Մալաթիոյ ժողովուրդը խաբուի Հայկական լոպպիներու քարոզչութիւններէն։

Ան հաւաքի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Հայերը 1915ին Թուրքիոյ մէջ եւ 1992-ին ալ Ատրպէյճանի մէջ թուրքերու դէմ ցեղասպանութիւններ գործադրած են։ Մալաթիոյ Ապտուլլահ Կիւլ հանրապարտէզին մէջ բացուեցաւ ցուցահանդէս մը ուր այս երկու սպանդներուն վերագրուած լուսանկարներ ցուցադրուեցան։

ԱՍԻՄ ՏԷՐ-ի նախագահ Կիւլպէյ ըսաւ.«Հիմա Մալաթիա եկած ենք, որովհետեւ վերջերս անդրադարձանք որ Կարսի, Ըղտըրի ու Վանի Հայկական Լոպիները սահած են դէպի Մալաթիա։ Մենք Կարսի ու Ըղտըրի մէջ շատ յաջող աշխատանք տարինք Հայկական պնդումներու դէմ, հիմա Մալաթիա եկած ենք։ Մալաթիան ալ քաղաք մըն է որ շատ տառապած է Հայերու գործած ոճիրներէն, ուստի գիտենք որ գիտակից ժողովուրդ է Մալաթիացին ու մենք ալ պիտի չարտօնենք որ Հայկական Լոպիները խաբեն Մալաթիայի ժողովուրդը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.