Քեսապահայերը Կը Պատրաստուին Ս. Աստուածածնայ Տօնական Հարիսան Ուտելու Իրենց Տուներէն Ներս

\n

\n

Երեք-չորս օրէ ի վեր քեսապահայ տղամարդիկ վերադարձած են Քեսապ՝ ստուգելու համար իրենց կալուածները: Պետական համապատասխան կառոյցները հիմնական աշխատանքները կը կատարեն ենթակառոյցներու՝ ելեկտրականութեան, ջուրի եւ հեռաձայնի գիծերու վերանորոգման իմաստով:
\n Հաղորդուեցաւ, որ ներկայիս ամբողջական խաղաղութիւն կը տիրէ Քեսապի մէջ: Գիւղատնտեսական լաւ բերք գոյութիւն ունի, սակայն դժբախտաբար գիւղատնտեսական գործիքները ամբողջական կողոպուտի ենթարկուած են, կողոպուտի ենթարկուած են նաեւ տուները: Քեսապի երեք հայկական եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ կարգ մը հաստատութիւններ եւ տուներ հրկիզման գործողութիւններու ենթարկուած են: Անհրաժեշտ կարիք կայ, որ հայութիւնը նպաստէ Քեսապի տնտեսական վերականգնումին:
\n Քեսապի գործադիր մարմինի ներկայացուցիչ Կարօ Մանճիկեան ԳԱԼԱի լրագրողին յայտնած է, որ Քեսապէն տարհանուած բոլոր հայերը, որոնք ամիսներէ ի վեր ապաստանած էին Լաթաքիայի հայ եկեղեցւոյ մէջ, երբեք չկորսնցուցին իրենց հաւատքը թէ շուտով կու գայ օրը, որ Քեսապ կը վերադառնան:
\n «100 հայ կը շարունակէ ապրիլ Լաթաքիոյ եկեղեցւոյ մէջ: Մենք երիտասարդներուն օժանդակեցինք, որ առանձին տուն-բնակարան վարձեն եւ կարողանան գործ գտնել, որովհետեւ մինչեւ Քեսապ մեկնիլը պէտք է առօրեան ինչ որ բանով լեցնեն, եւ գործը ապրելու միջոց է. բնակարան վարձած են ու մասնակի նպաստ կը յատկացնենք, որպէսզի մինչեւ Քեսապ վերադարձը իրենք ինքնավստահութեամբ գործեն: Իսկ տարեցները կը շարունակեն մնալ եկեղեցիէն ներս», ըսած է Մանճիկեան:
\n «Մեր սրտերը կը տրոփեն, մենք փափաք ունէինք, որ ընթացիկ ամսուայ մէջ վերադառնայինք բոլորս Քեսապ: Իսկ հիմա կը մաղթենք, որ գոնէ Ս. Աստուածածնայ տօնին այնտեղ՝ մեր տուներուն մէջ նշենք այս տօնը: Եւ մենք վստահ ենք, որ Աստուած մեզ հետ է մեր տօնական հարիսան եփելու, բաժնելու եւ ուտելու՝ մեր սիրելի Քեսապէն ներս»:
\n Իր կարգին Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Նարեկ վրդ. Լուիսեան, «Արմէնփրէս»ին հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսած է, թէ «Քեսապահայ տասնեակ մը ընտանիքներ արդէն վերադարձած են իրենց բնակարանները»: Անոր համաձայն՝ Քեսապի մէջ ներկայիս բազմաթիւ խնդիրներ կան՝ ջուրի, ելեկտրականութեան, համացանցի եւ հեռաձայնի առընչուած: Ուստի, խնդիրները լուծելու համար ղեկավարութիւնը դիմած է սուրիական իշխանութիւններուն եւ յոյսով է, որ աստիճանաբար բոլոր խնդիրները կը լուծուին:
\n Վարդապետը դիտել տուած է, որ ամէնէն գէշ վիճակի մէջ կը գտնուին բնակարաններու խոհանոցները, զորս օգտագործած են զինեալները, ուստի ջուրի առկայութիւնը չափազանց կարեւոր է կենցաղային հարցեր լուծելու եւ ապրելու համար:
\n Նարեկ Լուիսեան նաեւ յայտնած է, որ Քեսապի ազատագրումէն առաջ հայկական եկեղեցիները, հաստատութիւնները, մշակութային միութիւնները աւերուած, հրկիզուած կամ նիւթական լուրջ վնասներու ենթարկուած են: Անոր համաձայն՝ զինեալները սուրբի մը գերեզման քանդած եւ աճիւնը հանած են:
\n Քեսապի ղեկավարութիւնը կոչ ուղղած է Քեսապահայերուն՝ վերադառնալու իրենց բնակարանները, սակայն միշտ զգուշանալով օտար կողոպտիչներէն, որոնք սկսած են ներխուժելու Քեսապի բնակարաններ:
\n «Կրկին պիտի ծաղկեցնենք ու շէնցնենք Քեսապը՝ մեր հայրենիքը», հաստատած է վարդապետը՝ աւելցնելով, որ հեռաւոր երկիրներու մէջ գտնուող քեսապահայերը, տեղեկանալով գիւղի ազատագրման մասին, փափաք յայտնած են վերադառնալու:
\n Քեսապ վերադարձած հայերուն մեծ ուրախութիւն պատճառած է այնտեղ բերքատու ծաղկած ծառերու ու բազմերանգ ծաղիկներու առկայութիւնը. «այս տարի առատ բերք պիտի ունենանք», ուրախութեամբ նշած է վարդապետը:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.