Սուրիահայութեան տագնապը եւ քէսապահայութեան տեղահանութիւնը. Ամփոփ տեղեկագիր


ԾԱՆՕԹ.- Բլրիոյ թեմի Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ հրապարակուած տեղեկագիրը գրուած է նախքան Քեսապի ազատագրումը:  

ՆԱԽԱԲԱՆ 

Այս տեղեկագիրը կը ձգտի նկարագրական ամփոփ պատկերացում մը տալ Սուրիոյ տագնապին մէջ գտնուող սուրիահայ համայնքին ու մասնաւորաբար Քէսապի իրավիճակին մասին։ Տեղեկագիրը պիտի ծառայէ ճշգրիտ տուեալներով լուսաբանել սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները. աւելին՝ անոր միջոցով փոխանցել նաեւ սուրիահայութեան սպասումները ողջ հայութենէն։ 

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ 

 
Միջին Արեւելքի, յատկապէս արաբական աշխարհի “գարուն”ին անդրադարձները հասան Սուրիա Մարտ 2011-ին եւ յառաջացուցին իրավիճակ մը, որուն հետեւանքները կը մնան բացասականօրէն անորոշ։ Սուրիան իր ժողովուրդով յայտնուեցաւ փոթորիկին մէջ, աւերն ու սպանդը հարուածեցին անոր գիւղերն ու քաղաքները, ստեղծելով ողբերգական իրականութիւն մը՝ յատկանշուած ժողովուրդի հսկայ զանգուածներու երկրէն ներս տեղահանութեամբ եւ երկրէն դուրս գաղթականութեամբ։ 

Սուրիահայութիւնը, որպէս անբաժանելի մասը սուրիական ընկերութեան, ինք եւս ենթարկուեցաւ ամենադառն հարուածներու )քանդում, տեղահանութիւն, վիրաւորներ՝ 205 պարագայ, առեւանգում՝ 118 պարագայ, եւ մահ՝ 102 պարագայ(։ Ներկայ տուեալներով, արդէն պարպուած են Ռաս ուլ Այնը, Թէլ Ապյատը, Ռագգան, Տէր Զօրը, Եագուպիէն, Արամոն, Ղընեմիէն, իսկ սուրիահայութեան մայրաքաղաք Հալէպի հայահոծ կարգ մը շրջանները դատարկուած կամ կործանուած են։ Այս բոլորին վրայ եկաւ աւելնալ նոր ողբերգութիւն մը՝ Քէսապի եւ շրջակայքի հայութեան ամբողջական ու զանգուածային տեղահանութիւնն ու տեղափոխութիւնը։ 

Սուրիահայութիւնը դարձաւ համայն հայութեան անմիջական հոգատարութեան եւ գուրգուրանքին առարկայ։ Այս իմաստով, մեծ եղաւ դերն ու ներդրումը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, որ տագնապի առաջին իսկ օրէն իր կոչերով, քարոզներով, պաշտօնական շրջաբերականներով, մանաւանդ յարաբերական եւ ժողովական աշխատանքներով կրցաւ ստեղծել համահայկական, միջ-եկեղեցական ու մարդասիրական շրջանակներու լուրջ հետաքրքրութիւն եւ ապահովել նիւթական նկատառելի օժանդակութիւններ։ Նորին Սրբութիւնը գործնական եւ անմիջական կերպով փութաց առաջին նիւթական օգնութիւնը հասցնել Հալէպ։ Վեհափառ Հօր նախաձեռնութեամբ հաստատուեցաւ յատուկ հաշիւ մը, ի նպաստ սուրիահայութեան, սփիւռքահայ եկեղեցական թէ ազգային կազմակերպութիւններ համաժողովրդային հանգանակութիւններէ գոյացած շօշափելի գումարները հասցուցին սուրիահայութեան։ 

Սուրիահայութիւնը, տագնապին ընդառաջ ստեղծեց հայ երեք յարանուանութիւններէն, միութիւններէն եւ կազմակերպութիւններէն բաղկացած պաշտօնական ներկայացուցչական մարմին մը՝ Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինը, որ յատուկ ուղեցոյցի մը մշակումով ու տարածաշրջաններու մէջ գործող իր Գործադիր Մարմիններու ճամբով, իրեն փոխանցուած օժանդակութիւնները )կենցաղային, առողջապահական, բնակարանային եւ կրթական( հասցուց մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Այստեղ կ՚արձանագրենք որ Սուրիոյ տարածքին գործող հայկական 38 վարժարաններ, 7000-ի հասնող իրենց աշակերտներով, տնտեսական ահաւոր դժուարութեան դիմաց, Մարմինին ճամբով ունեցան նիւթական օժանդակութիւններ՝ տարի մը եւս շարունակելով հայեցի դաստիարակութեան իրենց առաքելութիւնը։ 

Սուրիական տագնապը, ցաւ ի սիրտ, կը շարունակուի… անոր ժխտական անդրադարձը տեղի ունեցաւ կիլիկեան աշխարհի վերջին բեկորին՝ Քէսապի եւ քէսապահայութեան կեանքին մէջ։ 

ՔԷՍԱՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԹԻՒՆԸ 

Քէսապահայութիւնը, սուրիահայութեան անբաժանելի մէկ մասը, 20-րդ դարու ընթացքին յաջորդական ծանր հարուածներ ստացաւ Թուրքիայէն։ Ան ո՛չ միայն պարտաւորուեցաւ լքել հայրենի հողը, այլ ֆիզիքապէս ենթարկուեցաւ ցեղասպանութեան։ Ահաւասիկ, 21-րդ դարու սկիզբին ու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին, ան անգամ մը եւս Թուրքիոյ նենգամիտ քաղաքականութեան ու ոճրային մեղսակցութեան զոհ կը դառնայ։ Արդարեւ, Ուրբաթ 20 Մարտ 2014-ի վաղ առաւօտուն, թրքական սահմանի թուրք թնթանօթները ռմբակոծեցին Քէսապի տարածքները եւ տեղի ունեցաւ զինեալ խմբաւորումներու ներխուժում, որուն հետեւանքով քէսապահայութիւնը, ներառեալ՝ Ռաքայէն, Հալէպէն, Եագուպիէէն եւ այլ շրջաններէ Քէսապ ապաստանած հայեր, շուրջ 600 ընտանիք, խուճապահար, լքեցին ամէն ինչ )բնակարաններ, եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ անշարժ ու շարժուն գոյքեր ու կալուածներ(, եւ իրենց կեանքը փրկելու համար՝ պարտադրաբար տեղափոխուեցան Լաթաքիա։ 

Վեհափառ Հայրապետը առաջին ժամերէն իսկ տեղեակ պահուեցաւ ողբերգական իրավիճակին մասին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին, Ազգային Իշխանութեան, գործող ազգայիններու եւ պատասխանատուներու ճամբով։ Նորին Սրբութիւնը դարձեալ նախաձեռնողը հանդիսացաւ օժանդակութեանց, յատուկ պատուիրակութեան մը ճամբով եւ անմիջական գործածութեան համար շօշափելի գումար մը տրամադրելով։ 

Փառք կու տանք Ամենակալին, որ յարձակման եւ տեղահանութեան ամբողջ տեւողութեան, մարդկային զոհեր չարձանագրուեցան։ Մեր ժողովուրդի կազմակերպ վիճակը մեծապէս նպաստեց եւ դիւրացուց մեր հայրենակիցներուն տեղա փոխումն ու տեղաւորումը Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կողքին գտնուող Գանձասար եւ դպրոցի Արարատ սրահներուն, ինչպէս նաեւ միութենական կեդրոններու եւ լաթաքիահայերու բնակարաններուն մէջ։ 

Արդարեւ, Վեհափառ Հայրապետին հետ մնայուն խորհրդակցութիւններով եւ անոր ցուցմունքներով Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ եւ Ս.Շ.Օ.Վ.Մարմնի Ատենապետ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, յաջորդական աշխատանքային երեք այցելութիւններ տուաւ Լաթաքիա. ընկերացութեամբ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան եւ Թեմի Երեսփոխանական Ժողովի անդամ տիար Ճորճ Շահինեանի եւ միաբան հայրերու, որպէսզի աւելի կազմակերպ աշխատանքով կատարուին օժանդակութիւնները, համակարգուին տեղական իշխանութեանց հետ օգնութեան ճիգերը, եւ իրազեկ դառնան տիրող իրավիճակին։ Այս այցելութեանց ընթացքին յատուկ կերպով ուսումնասիրուեցաւ ժամանակաւոր բնակարաններու ապահովման ծրագիր մը, մասնաւոր յաձնախումբի մը կողմէ, որպէսզի աւելի յարմարաւէտ պայմաններու մէջ կարենան ապրիլ մեր ազգակիցները։ Ինչ կը վերաբերի ընդմիջուած կրթական կեանքին, Սրբազան Հայրը Լաթաքիոյ եւ Քէսապի հոգաբարձական կազմերուն եւ տնօրինութեանց հետ անմիջական կարգադրութիւններ կատարեցին, մանաւանդ միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտութեան համար, որպէսզի անոնք կարենան շարունակել դասընթացքները եւ պատրաստուիլ պետական քննութիւններու։ Քէսապի Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի աշակերտութեան թիւն է 234։ 

ՎԻՃԱԿԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐ 

Քէսապէն Լաթաքիա, Սուրիոյ միւս տարածքները եւ Լիբանան տեղափոխուած գաղթականներուն ընդհանուր պատկերն է.- 

Տարիք – Թիւ

Մանուկներ 0-3 տարեկան – 33 

Մանուկներ 4-6 տարեկան, 28 

Փոքրիկներ 6-12 տարեկան, 107 

Պատանիներ 12-18  տարեկան, 110 

Երիտասարդներ՝ 18 տարեկան եւ վեր, 170 

Կիներ 445 

Այրեր 456 

Ընդհանուր 1359 

Ընտանիք 371 

Ներկայիս եկեղեցւոյ սրահին մէջ կ՚ապաստանին 41 ընտանիք՝ 34 այր, 30 կին, 11 աղջիկ, 18 փոքրիկ, 6 երիտասարդ տղայ։ 

ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 

Սուրիահայութեան տագնապի ամբողջ տեւողութեան սփիւռքի մեր եկեղեցիներն ու կազմակերպութիւնները փութացին կազմակերպել յատուկ դրամահաւաքներ եւ տրամադրել իրենց օժանդակութիւնները։ Նոյնը պատահեցաւ Քէսապի պարպումին յաջորդող օրերուն։ Արդարեւ, նիւթական աջակցութիւններ՝ հայկական, օտար թէ միջազգային շրջանակներէ, կը հասնին ահաբեկուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Այստեղ անհրաժեշտ է երախտագիտութեամբ յիշել բոլոր նուիրատու կողմերը, անհատ թէ հաւաքականութիւն, եկեղեցական թէ բարեսիրական, տեղական թէ օտար հաստատութիւններ, որոնք մինչեւ օրս կը շարունակեն իրենց ներդրումը ունենալ տագնապի հետեւանքով կարիքաւոր ընտանիքներուն։ 

Ստացուած օգնութիւնները Կաթողիկոսարանի ճամբով եւ հանգրուանային կերպով կը փոխանցուին Ս.Շ.Օ.Վ.Մարմնին։ Ան, իր կարգին եւ ըստ կարիքի, հարկ եղած տնօրինումները կը կատարէ։ Մարմինը իր կայքէջին )www.syriashdab. com( ճամբով աշխատանքներուն մասին տեղեակ կը պահէ թէ՛ նուիրատու կողմերը եւ թէ հանրութիւնը։ 

Քէսապի պարագային կատարուած նիւթական օժանդակութիւնները դարձեալ կը փոխանցուին Կաթողիկոսարանի սուրիահայութեան յատուկ հիմնադրամին եւ համապատասխան ձեւերով կը հասնին կարիքաւոր ընտանիքներուն։  

ՆԵՐԿԱՅ ԻՐԱՎԻՃԱԿ 

Այսօր ստեղծուած տխուր պատկերը սուրիահայ համայնքին, Սուրիոյ թէ արտասահմանի մէջ, մնայուն մտահոգութեան, քննարկումներու եւ ծրագրումներու առանցքը կը կազմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ Վեհափառ Հայրապետին եւ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի թէ Սփիւռքի համայն հայութեան։ Բնականաբար, այս տագնապին ամբողջ ծանրութիւնը կը կրէ սուրիաբնակ հայութիւնը, որուն դրական ներկայութիւնը իբրեւ լիիրաւ քաղաքացիի յաճախ լայն շրջանակներու կողմէ գնահատանքի առարկայ եղած է։ Ան իր գոյատեւումը ապահովող կառոյցները )կրթական, եկեղեցական, մշակութային, մարզական( կը շարունակէ բաց պահել, հակառակ տիրող դժուարին ու վտանգաւոր պայմաններուն։ Սուրիահայութիւնը “շտապ օգնութեան” կացութեան մէջ կը գտնուի եւ պատերազմի երկարաձգումն ու սաստկացումը կը վտանգեն համայնքի բնականոն գոյերթը։ Այսօրուան դրութեամբ ամենավտանգուած շրջաններն են՝ Հալէպը, որ շրջափակուած կը մնայ եւ թիրախ՝ մնայուն ռմբակոծումներու, հայաթափուած Քէսապը, որ գրաւուած կը մնայ Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը վայելող յարձակող զինեալ տարրերու կողմէ։ 

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԱԾ ՎՆԱՍՆԵՐ 

Ռմբակոծումներու, հրթիռաձգութեան ու կրակոցներու պատճառով տարբեր տարողութեամբ վնասներ կրած են՝ Հալէպի Ս. Գէորգ )ամբողջովին հրոճարակ(, Հոմսի Ս. Մեսրոպ, Եագուպիէի Ս. Զուարթնոց, Տէր Զօրի Ս. Նահատակաց, Րաս-ուլ-Այնի Ս. Յակոբ, Դամասկոսի Ս. Սարգիս եւ Մարկատէի Ս. Յարութիւն Հայ Առաքելական եկեղեցիները, Ազգ. Գերեզմանատունը եւ յարանուանութեանց գերեզմանատուները, Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Աւետման եկեղեցին եւ համալիրը, Տէր Զօրի Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին եւ շրջակայքը, Ռաքքայի Հայ Կաթողիկէ Նահատակաց եկեղեցին ու Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանը։ Ծանրօրէն վնասուած են Հալէպի Հայ Ծերանոցը )ամբողջովին կողոպտուած(, “Արեւիկ” Թերաճներու Կեդրոնը, Ազգային Պատսպարանը )հին շէնքը, բայց մանաւանդ՝ նոր շէնքը(, Կիլիկեան Ճեմարանը, Կիւլպէնկեան հիւանդանոց-մայրանոցը, Ռաքքայի Հայ Կաթողիկէ Նահատակաց Մանկապարտէզը եւ Դամասկոսի Թէքէեան Մշակութային Միութեան շէնքը։ Ազգային, կրթական կամ միութենական կառոյցներէն տարբեր տարողութեամբ վնասներ կրած են Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանը, Ազգ. “Սիս” բնակարանային համալիրը, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, Լազար Նաճարեան Գալուստ Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանը, Ազգ. Զաւարեան վարժարանը, Ազգ. Հայկազեան վարժարանը, Ս. Չէմպէրճեան Կրթասիրաց երկրորդականը, Հայ Աւետարանական Բեթէլ վարժարանը, Հայ Կաթողիկէ “Զուարթնոց” վարժարանը, Մխիթարեան վարժարանը, Հոմսի՝ Ազգ. Սահակեան վարժարանը, Դամասկոսի Ազգ. Միացեալ վարժարանն ու Ազգ. Սրբոց Թարգմանչաց ճեմարանը եւ Հալէպի Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Հ.Ե.Ը.ի մարզաւանները։ Ահաւոր պատկեր կը ներկայացնեն յատկապէս Նոր Գիւղի արեւելեան թաղամասերու հայկական բնակարաններն ու գործատեղիները։ 

ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ՏԱԳՆԱՊԸ 

Այսօր, սուրիահայութիւնը դէմ յանդիման կը գտնուի քայքայման վտանգին, եթէ հայութեան անմիջական ու մնայուն օրակարգին վրայ նկատի չ՚առնուին անոր գոյատեւումը երաշխաւորող խնդիրներուն համապատասխան լուծումները։ Անորոշ կացութիւնները, յանկարծակիօրէն յայտնուող նոր իրավիճակները եւ յառաջիկայ շրջանին դիմագրաւուելիք հաւանական դժուարութիւնները բոլորս կը դնեն լուրջ կացութեան դիմաց։ Առանց յուսահատելու, կարելիութեանց եւ կարողութեանց ներդաշնակ գործակցութեամբ, նաեւ ապաւինելով Վեհափառ Հայրապետին իմաստուն տնօրինումներուն, լիայոյս ենք որ սուրիահայ համայնքը պիտի կարենայ տագնապէն դուրս գալ նուազագոյն վնասներով։ 

Այսօր ամենածանր դրութեան մէջ կը գտնուին Հալէպն ու հալէպահայութիւնը, Քէսապն ու ծովափի գաղթական մեր հայրենակիցները, ուստի անհրաժեշտ է անյապաղ ու շարունակական դրութեամբ նիւթաբարոյական օժանդակութիւն հասցնել յանուն սուրիահայութեան՝ ամբողջ հայութեան։ Ողբերգութիւնը կը շարունակուի. մեր ժողովուրդի հաւաքական զօրակցութիւնը եւս հարկ է որ շարունակուի անկոտրում կամքով մինչեւ որ Ամենակալի օրհնութեամբ «բացուին դռներն յուսոյ…»։ 

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԲԵՐԻՈՅ ԹԵՄԻ
Մայիս, 2014


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.