Հոլանտն Ու Էրտողանը Քննարկած Են Ղարաբաղի Խնդիրը

\n

\n

Թրքական «Թի.24» կայքին համաձայն՝ Յունիս 20ին, Փարիզի Էլիզէի պալատին մէջ, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ հանդիպած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ։ Հանդիպման ընթացքին, բազմաթիւ հարցերու կողքին, քննարկուած են նաեւ Ղարաբաղի խնդիրը եւ անոր լուծման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքները։
\n Կողմերը գլխաւորաբար քննարկած են Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակը, ինչպէս նաեւ իրենց երկիրներուն միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման խնդիրը: Հոլանտ փափաք յայտնած է, որ Թուրքիան դադրեցնէ Ֆրանսայէն գացած «ճիհատական» երիտասարդներու մուտքը Թուրքիա, ուրկէ անոնք Սուրիա կ՛անցնին:
\n Էրտողան իր կարգին նշած է, թէ դժուար է յայտնաբերել այդ «ճիհատական»ները, որովհետեւ Թուրքիան զբօսաշրջային երկիր մըն է, սակայն խոստացած է անոնց անունները ունենալու պարագային՝ անհրաժեշտ քայլերու դիմել:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.