«Ալ Նաշրա» կը նկարագրէ Քեսապի սրբապղծուած եկեղեցիներու վիճակը – Video


Լիբանանեան «ալ-Նաշրա» կայքը կը գրէ, որ Քեսապի մէջ հայկական երեք եկեղեցիները չփրկուեցան Ժապհաթ Նուսրայի եւ Ահրար Շամի զինեալներու բարբարոսութենէն, որոնք իրենց ատելութիւնը Սուրբ Գիրքերուն, խաչերուն եւ սրբանկարներուն վրայ թափեցին։ Քեսապահայերը կը յայտնեն, որ զինեալները եկեղեցիները կողոպտելէ ետք հրկիզած են։

«Ալ Նաշրա»-ի պատկերասփիւռի կայանը, որ երկրորդ անգամ ըլլալով մուտք գործած է Քեսապ, շրջած է հայ աւետարանական ու առաքելական եկեղեցիներուն մէջ եւ ծանօթացած անոնց հասած վնասներուն եւ անոնց պատերուն վրայ գրուած գրութիւններուն։ 

Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ խորանին մօտ դրուած է Ժապհաթ Նուսրայի ցուցանակ մը, որուն վրայ գրուած է «լա իլահ իլլալահ», իսկ պատերուն վրայ գրուած են եկեղեցին մուտք գործած տարբեր զինեալ խմբաւորումներու՝ Ժապհաթ Նուսրայի եւ Ահրար Շամի անունները։ Պատերուն վրայ գրուած են նաեւ «ոչ խաչակիրներուն», «Ձեր հաշիւը մօտ օրէն կու տանք ո՛վ խաչապաշտեր», «Մարիամ կոյսը մեր մայրն է եւ ոչ թէ ձերը ո՛վ խաչապաշտեր» եւ «մենք ազգ մըն ենք, զոր Աստուած իսլամութեամբ պատուեց» գրութիւնները։

Աւետարանական եկեղեցւոյ դրան վրայ զետեղուած է ցուցանակ մը, որուն վրայ գրուած է «Յանուն ողորմած ու գթառատ ալլահի՝ Ֆարուք մզկիթ» եւ կոչ կ՚ուղղէ՝ «ժիհատական եղբայրներուն» չկոտրել որեւէ իր, աթոռ, պատուհան կամ որեւէ բան, «որմէ կրնան իսլամները օգտուիլ»։ Ցուցանակը կը թելադրէ. «Պէտք է գիրքերը պատռեն (ժիհատականները «Հ»), խաչերը կամ նազովրեցիական որեւէ իր կոտրեն, որպէսզի (Աստուծմէ) լաւ վարձատրութիւն ստանան»(ժիհատականները «Հ»)։ 

Աւետարանական եկեղեցւոյ բոլոր գիրքերը պատռտուած կամ հրկիզուած։ Եկեղեցական լուսանկարներն ու սրբանկարները խծբծուած են եւ խաչերը կոտրուած։ Զինեալները նաեւ հրկիզած են Քեսապի հրապարակին վրայ գտնուող աւետարանական եկեղեցւոյ «Միսաքեան» մշակութային կեդրոնը։ Տեղւոյն բնակիչները դէպքին վայր հասնելով ապշած են եւ լացած այն եկեղեցւոյ մօտ, ուր կ՚աղօթէին։

Հայ առաքելականներու եկեղեցւոյ մէջ պատկերը նուազ բարբարոսական էր։ Զինեալները եկեղեցւոյ գմբէթին դրուած խաչը կտրած են, խաչին մէկ մասը այրած, իսկ պատերուն վրայ գրած.«Ալլահ աքպար, Լա իլահ իլլալահ»։
Կաթողիկէ համայնքի եկեղեցին նոյնպէս վանտալիզմի ենթարկուած է:

Տեսանիւթը դիտել հոսյ՝

http://www.youtube.com/watch?v=ryC54Y6l8HM


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.