«Նահատակուեցաւ Տէր Զօրի հողին վրայ» – ԱՆԴՕ ՔԱՀՔԷՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
- (0)
Յուշաքանդակ` Հալէպի բերդին վրայ, ամրակալուած հայ նահատակներու շարասիւնով… Վերջին նամակ հարազատներուն` գաղափարապաշտ զինուորէն… «Եթէ նահատակուիմ, որպէս դաշնակցական կ՛ուզեմ նահատակուիլ»… Երկնակամարը ոռոգուեցաւ սրբազան քաջի արիւնով… Հողը թեթեւ գայ վրադ: Վարդ գարունդ անձրեւեց որդեկորոյս մօրդ արցունքներով:
Առնական մարտունակութեամբ եւ երիտասարդական խանդով խայտացող Անդօ Քահքէճեանի սիրտը քառասուն օրերէ ի վեր դադրած է բաբախելէ: Հայազգի զինուորը իր քաղաքացիական պարտականութեան ընթացքին նահատակուեցաւ` իր հերոսի արիւնով ոռոգելով Տէր Զօրի նահատակներուն անշիրիմ ոսկորները: Նահատակին ընկերները խոր յուզումով թարգմանը կը հանդիսանան իրենց ընկերոջ ապրումներուն եւ կը գրեն . «Նահատակուեցաւ Տէր Զօրի հողին վրայ, այդ հողին, որ հարիւր տարի առաջ ոռոգուեցաւ իր նախահայրերուն արիւնով, բայց նահատակութիւնը տարբեր էր այս անգամ. Անդօն նահատակուեցաւ` պաշտպանելու համար այն հողը, որ հիւրընկալեց իր նախահայրերը:
Մնաց անօթի, բայց չլքեց իր զէնքը, նահատակուեցաւ, որպէսզի ապրի Սուրիան եւ մենք… Փա՜ռք ու պարծանք քեզ… Յիշատակդ վառ պիտի մնայ յաւիտեան, նահատակ ընկեր…»: «Ազգային եւ գաղափարական դաստիարակութեամբ հասակ առած Անդօն իր համակ կեանքը ապրեցաւ եւ թրծուեցաւ Դաշնակցութեան իտէալներով եւ գաղափարաբանութեամբ: Հ.Մ.Ը.Մ-ական էր իր գիտակցութեամբ ու բնազդով. գիտակից կարգապահութեան ախոյեան էր: Քաջակորով եւ յախուռն նկարագրի տէր Անդօն ճանչցուած էր իր ընկերասիրութեամբ եւ ծառայասիրութեամբ: Բացի վերոնշեալ նկարագրային գիծերէն, Անդոյի տիպարին բնորոշ գիծերն էին նաեւ պարզութիւնը, պարկեշտութիւնն ու անշահախնդրութիւնը: Երկարատեւ զինուորական ծառայութեան օրերուն, տեսակաւոր եւ անասելի տառապանքներու եւ զրկանքներու ենթարկուած զինուորի հոգին կը կոտտար եւ կը մղկտար իր հարազատներուն կարօտով. համակ էութեամբ կ՛երգէր.
«Թռչէի մտքով տուն,
Ուր իմ մայրն է արթուն,
Տեսնէի այն առուն,
Կարօտով ես անհուն,
Ուր ամէն մի գարուն
Ջրերով վարարուն
Կարկաչում էր սարերում»:
Յուսահատութեան անողոք պահերուն զինուորին հոգին կը գուշակէ իր նահատակութիւնը. մայրական տաքուկ գիրկը նետուելու եւ յոգնաբեկ գլուխը անոր կուրծքին վրայ հանգչեցնելու կարօտով հրաժեշտի նամակ մը կը գրէ անոր, որ էութենական խռովք կ՛արտայայտէ. «Մամա՛, եթէ նահատակուիմ, մի՛ լար, ճակատդ բարձր քալէ՛ դագաղիս ետեւէն. ես նահատակուեցայ` յանուն Սուրիոյ, հպարտ եղի՛ր, հերոսի մայր ես»: Նահատակութեան դափնեպսակին արժանացած հերոսները մեզմէ արցունք եւ ողբ չեն սպասեր. անոնք կը յաւերժանան եւ կենդանի օրինակ կը ծառայեն իրենց սխրագործութեամբ եւ անձնուիրութեամբ: Քառասուն օր ետք, կը մնայ հաստատել, որ հակառակ Անդոյի մարմնական բացակայութեան, անոր շունչը կենդանի է:
Ան կը սաւառնի հարազատներուն եւ ընկերներուն հոգիներուն մէջ, պատգամելով, որ հայրենիքները կը գոյատեւեն շնորհիւ իր նման սրբազան «խենթեր»-ուն: Իրօք, նահատակները կենդանի են այնքան ատեն, որ հաւաքականութիւնները կը խոնարհին անոնց սխրանքներուն ու յիշատակին առջեւ, եւ ամէն քայլափոխի` արժանահաւատօրէն կ՛ընդելուզուին անոնց սէգ ճակատներէն ցայտող վերապրելու կամքին ներուժով:
Խունկ ու մոմ եւ ծունկ մը աղօթք քու անմեռ յիշատակիդ: «Խաղաղութեամբ ննջէ՛, դուն մեր սրտումն ես» սիրելի Անդօ:
Արաքս Փիլաւճեան