SISTERS OF MERCY AND SURVIVAL – ARMENIAN NURSES (1900-1930)

\n

\n

(Տոքթ. Սոնա Բուչիկեան-Սարգիսեանի Թորոնթոյի մէջ, Գիրքի Ներկայացման (Ապրիլ 11, 2014,) Բանախօսութեան Համադրութիւնը, անգլերէն բնագրէն Թարգմանուած եւ Պատրաստուած Դասախօսին կողմէ)

\n

Տոքթ. Իզապէլ Գաբրիէլեան-Չըրչիլ հեղինակն է « Sisters of Mercy and Survival: Armenian Nurses (1900-1930) » գրքին որ հրատարակուեցաւ 2012-ին , Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տպարանին կողմէն , Անթիլիաս, Լիբանան ։

\n

Գիրքը կը բաղկանայ շուրջ 530 էջերէ , 12 գլուխներէ եւ բազմաթիւ նկարներէ, 13 տարբեր բաժիններու մէջ ։

\n

Գրքին նպատակն է լուսարձակել հայ հիւանդապահուհիին ունեցած դերը, Օսմանեան Կայսրութեան, Հայաստանի, Միջին Արեւելքի եւ Յունաստանի մէջ , 1900-էն մինչեւ 1930 թուականներու ժամանակամիջոցին ։

\n

Գրքին պարունակութիւնը հիմնուած է լայնատարած հետազօտութեան, մանրամասն աղբիւրներու եւ փաստավաւերական լուսանկարներու վրայ։

\n

Նկարներու հարուստ հաւաքածոն կը ներկայացնէ հայուն կեանքը ջարդէն առաջ, եւ ապա հիւանդանոցներու, որբանոցներու եւ այլ բարեսիրական հաստատութիւններու մէջ, ջարդին եւ անոր յաջորդող տաժանելի տարիներուն ընթացքին։

\n

Ի՞նչ էր որ մղեց Տոքթ. Իզապէլ Գաբրիէլեան-Չըրչիլը, ձեռնարկելու այս գործին։ Ան գրքի սկիզբը կը յայտնէ թէ իր ներշնչման աղբիւրը եղաւ հայ հիւանդապահուհիներու խմբանկար մը առնուած 1921 թուին՝ Խարբերդի մօտ, Էննի Րիկզ (Annie Riggs Memorial Hospital) Մէզիրէյի հիւանդանոցին մէջ։

\n

Ան, երբ կ՚աշխատէր Սթանֆօրտ համալսարանի Հուվըր լսարանի արխիւներուն վրայ, իր աչքին կը հանդիպի բժշկուհի՝ Հռութ Ազնիւ Բարմելիի անունը , որուն արխիւներուն մէջ ան կը տեսնէ վերոյիշեալ հիւանդապահուհիներու խմբանկարը։ Իր գրքով ան փորձած է «լսելի դարձնել անոնց ձայնը եւ երախտագիտութեամբ հաստատել անոնց կատարած կարեւոր եւ անուրանալի դերը մեր ազգի պատմութեան դաժան օրերուն»։

\n

Գրքին վերլուծումը պիտի ներկայացնենք հետեւեալ երեք բաժիններով.

\n

1) Պատմական տեսանկիւն։

\n

2) Օտար հաստատութիւններու եւ մասնագէտներու դերը հայ հիւանդապահուհիներու ուսուցման եւ պատրաստութեան մէջ։

\n

3) Հայ հիւանդապահուհիին կարեւոր դերը որբերու հոգատարութեան մէջ։

\n

 

\n

1՚) Պատմական տեսանկիւն.-

\n

Տոքթ. Գաբրիէլեան-Չըրչիլի գիրքը պատմականօրէն կը կեդրոնանայ Օսմանեան Կայսրութեան ընթացքին, քսաներորդ դարու սեմին, հայ կնոջ կարեւոր դերին վրայ՝ բժշկութեան եւ ընդհանուր առողջապահութեան մարզին արդիականացման մէջ։ Հեղինակը կը մէջբերէ տասնըհինգէն աւելի արխիւային աղբիւրներ, աշխարհի ամէն կողմերէ, այլազան լեզուներով արձանագրուած եւ փաստագրուած զանազան բժիշկներու, հիւանդանոցներու, որբանոցներու եւ բարեսիրական հաստատութիններու կողմէ հայթայթուած լուսանկարներով։ « Sisters of Mercy and Survival: Armenian Nurses» գիրքը կը ներկայացնէ վաւերական պատմութիւնը այն յառաջդիմութեան, որ հայ հիւանդապահուհին այդ շրջանին արձանագրեց բժշկական մարզին մէջ ու դարձաւ պատերազմի ստեղծած ահաւոր դժբախտութիւններէ ու փոխանցիկ հիւանդութիւններէ տառապող հիւանդին նախաձեռնարկ եղող հոգատար հրեշտակը։ Հայ կինը հպարտութեամբ ընդգրկեց հիւանդապահութեան ասպարէզը, դրականօրէն նպաստելով հայ ազգին ընկերային կառոյցին։

\n

 

\n

2) Օտար հաստատութիւններու եւ մասնագէտներու դերը.-

\n

Ցեղասպանութեան օրերուն երբ հայ բժշկական հոգատարութեան բոլոր միջոցները քայքայուած էին, Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Արեւմտեան աշխարհի մէջ ուսանած մասնագէտներն ու անոնց հաստատութիւնները հսկայական ազդեցութիւն ունեցան։ Անոնք հայ կնոջ օգնութեան հասան, արդիական հիւանդապահութեան ասպարէզը մատչելի դարձնելով անոր, մարզելով զայն ու անոր մէջ արթնցնելով մարդկութեան օգտակար դառնալու մարմաջը, հայ որբը խնամելու ճամբով։ Օտար հաստատութիւններ ինչպէս՝ Նիր Իսթ Րիլիֆ (Near East Relief) եւ Ամերիկացի Կիներու Հիւանդանոցներ (American Women’s Hospitals) հիւանդապահութիւն ուսուցանելու համար դպրոցներ բացին ։

\n

Տոքթ. Գաբրիէլեան-Չըրչիլ իր գրքով կը հաստատէ թէ Հռութ Ազնիւ Բարմելիի, Մէյպըլ Էլլիօթի, եւ Գարօլին Համիլթընի նման բժշկուհիներ, ինչպէս նաեւ Մէյպըլ Փաուրի եւ Լօրա Մըքֆէթրիճի նման հիւանդապահուհիներ ճամբայ բացին, որ հայ կինը կարենայ իրեն վստահուած դերը լիուլի կատարել, որպէս հոգատար մասնագէտ՝ այդ ճակատագրական օրերուն։ Հայ «Կարմիր Խաչ »ը որ յետագային կոչուեցաւ Հայ Օգնութեան Միութիւն (ARS), ինչպէս նաեւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (AGBU) Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ մեծապէս օգտակար դարձան հայ գաղթականին, աշխատակցելով Նիր Իսթ Րիլիֆ հաստատութեան կողքին։ 1921-ին անոնք մանուկներու՝ Թուրքիոյ առաջին թոքախտանոց- հիւանդանոցը բացին, Գանատայի նիւթական օժանդակութեամբ ։

\n

3) Հայ հիւանդապահուհիին կարեւոր դերը որբերու հոգատարութեան մէջ.-

\n

Տոքթ. Գաբրիէլեան-Չըրչիլ իր գրքով կը շեշտէ թէ ցեղասպանութիւնը հիմնականօրէն բարեփոխեց հիւանդապահութեան աւանդական կերպարը։ Պատերազմէն առաջ հայ կնոջ համար «անյարմար» նկատուած գործը, բարեփոխուեցաւ եւ ընդունուեցաւ որպէս յարգելի, նուիրեալ, եւ օգտակար պաշտօն հայ իգական սեռին համար։ Անոնք հազարաւոր գաղթականներ եւ որբեր մահէ, անօթութենէ, համաճարակէ, փոխանցիկ հիւանդութիւններէ ազատելէն զատ, մեծ դեր ունեցան հիւանդապահութեան մարզին մէջ ։ Հալէպի Ալթունեան հիւանդանոցը եւ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի հիւանդանոցը նաեւ մեծապէս սատարեցին Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ հայ հիւանդապահութեան հաստատման ու զարգացման դժուարին գործին։

\n

* * *

\n

Անձնական Մտորումներ

\n

Տոքթ. Գաբրիէլեան-Չըրչիլի գրքին վերլուծման պատիւը ինծի շնորհուեցաւ Հոգեշնորհ Տ. Մեղրիկ Ծայրագոյն Վարդապետ Բարիքեանի կողմէ ։ Ո~րքան ուրախ եմ որ ընդունեցի այս առաջարկը, որովհետեւ խորանալով այս գրքին մէջ գտայ յատուկ եւ թանկագին կապ մը որպէս ցեղասպանութենէ վերապրող որբի մը զաւակը, որ հիւանդապահութեան ասպարէզին նուիրուած է ։

\n

Յարգա~նք բոլոր այն հերոսուհիներուն, մասնաւորաբար բժշկուհի՝ Հռութ Բարմելիին եւ հիւանդապահուհի՝ քոյր Սառա Սափրիչեանին, որոնք ջարդի դժբախտ օրերուն, եղան բոլորին նուիրումի եւ զոհողութեան խորհրդանիշը։ Հապա այն լուսանկարները, որոնք այս գրքին ողնայարն են, որքա~ն խօսուն դարձան ինծի համար, մէջս արթնցնելով անբացատրելի հետաքրքրութիւն մը։ Արդեօք հայրս՝ Գեղամ Բուչիկեանը ո՞ր մէկն է այս որբերէն։ Վերապրող որբ մը, որուն ոտքը պիտի կտրուէր թուրք բժիշկի մը կողմէ Պոլսոյ հիւանդանոցին մէջ դարմանուած ատեն, եթէ Մարիցա հիւանդապահուհիին հնարամիտ եւ արագ միջամտութիւնը տեղի չունենար։ Գեղամ Բուչիկեան իր «Յոյսի Կարաւանը- Հայ Որբի մը Յուշերը» գրքին մէջ այդ թուրք բժիշկը կը կոչէ «Հոգէառ Հրեշտակը», իսկ Մարիձան՝ իր «Պահապան Հրեշտակը»։

\n

Այս գրքին հեղինակն ալ եզրակացնելով կը հաստատէ թէ հայ կինը, աներեւակայելի դժուար պայմաններու տակ, իր ազնուութեամբ եւ նուիրումով, դարձաւ հայ որբին պահապան հրեշտակը այդ սեւ օրերուն։ Այդ նոյն վերապրող որբերը վառ պահեցին գութի, սիրոյ եւ նուիրումի ջահը, եւ ուր որ ճակատագիրը առաջնորդեց զիրենք, անոնք լուսաւորեցին իրենց շուրջը այն տաքուկ բոցով, որ երբեք չմարեցաւ իրենց սրտերուն մէջ։

\n

Տոքթ.Սոնա Բուչիկեան-Սարգիսեան

\n

Թորոնթօ

\n

 

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.