Նախագահ Սարգսեան Այցելեց Թիֆլիսի Ս. Էջմիածին Եկեղեցի
\n
\n
Վրաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Հայաստանի պետական պատուիրակութիւնը, 19 Յունիսին այցելեցին Թիֆլիսի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցի: Անոնք դիմաւորուեցան Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանի, հոգեւոր դասուն, Վրաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան դիւանագէտներուն, վիրահայ համայնքի պաշտօնէութեան եւ հասարակութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ:
\n Հայոց հինաւուրց եկեղեցւոյ մէջ մոմեր վառելէ ետք հայկական պաշտօնական պատուիրակութիւնը այցելեց Թեմի «Հայարտուն» կրթամշակութային եւ երիտասարդական կեդրոն: Բարի գալուստի ջերմ խօսքերով եւ Հայաստանի ու Վրաստանի պետական քայլերգներու կատարմամբ Հայաստանի նախագահը դիմաւորեցին Մովսէս Խորենացիի անուան նախակրթարանի սաները: Վիրահայոց թեմի առաջնորդը նախագահին ներկայացուց կեդրոնը, պատմեց այս մշակութային օճախի գործունէութեան մասին, որ նպատակաուղղուած է Վրաստանի մէջ մայրենի լեզուի պահպանման, ազգային մշակոյթի զարգացման, հայ-վրացական բարեկամական կապերու խորացման:
\n Նախագահը նաեւ դիտեց Գալուստ Կիւլպէնկեան սրահին մէջ կազմակերպուած «æաւախք աշխարհն իր եկեղեցիներով» խորագիրով երիտասարդ նկարիչներ Արման Թորոսեանի եւ Հրաչեայ Սաֆարեանի անհատական ցուցահանդէսին ներկայացուած գործերը:
\n