Ըստ Թուրք Երեսփոխանի Մը՝ Իրաքի Եւ Սուրիոյ Մէջ Քաղաքներ Գրաւած Ահաբեկիչներուն Եկամուտի Աղբիւրը Թուրքիան Է
- (0)
\n
\n

Ան նշած է, որ այդ խմբաւորման անդամները Թուրքիոյ մէջ իշխող վարչակարգը իսլամութեան օրէնքներէն դուրս կը նկատեն եւ այն, ինչ այսօր տեղի կ՛ունենայ Իրաքի մէջ, կրնայ կրկնուիլ նաեւ Թուրքիոյ մէջ:
Էտիպօղլու ըսած է, որ խմբաւորումը իր գրաւած տարածքներէն՝ Սուրիոյ Ռումայլանէն եւ Իրաքի Մոսուլէն քարիւղը Թուրքիոյ կը ծախէ:
Ընդդիմադիր երեսփոխանը ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հանգամանքին վրայ, որ Թուրքիա աչք կը փակէ իր տարածքով Եւրոպայէն ու Չեչենիայէն մեծաթիւ զինեալներու՝ Սուրիա եւ Իրաք մուտքին ի տես։ «Անոնց կ՛օգնեն առնուազն հազար թուրքեր: Ատիկա առանց թրքական գաղտնի սպասարկութեան գիտութեան տեղի չէր կրնար ունենալ», ըսած է Էտիպօղլու:
Ներկայիս շուրջ երկու հազար հոր վերահսկող կազմակերպութիւնը օրական 1500 թոն մաքսանենգուած քարիւղ կը ներածէ Թուրքիա: Ատիկա Թուրքիոյ մէջ սպառուող քարիւղին 3.5 առ հարիւրն է:
Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ հերքեց, թէ Թուրքիա իսլամ ծայրայեղականներուն կ՛աջակցի:
\n