Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը գուժէ «Բագին»ի երկարամեայ խմբագիր Պօղոս Սնապեանի մահը


 

Այս առաւօտ, իր մահկանացուն կնքեց «Բագին» ամսագրի երկար տարիներու խմբագիր, հայ ժամանակակից գրականագիտութեան զարգացման իր ուրոյն ներդրումը ունեցած մտաւորական եւ ՀՅ Դաշնակցութեան գրական անդաստանին մէջ հանրածանօթ հեղինակութիւն`Պօղոս Սնապեան:

Պօղոս Սնապեան ծնած է 11 Օգոստոս 1927-ին, Մուսա Լերան Պիթիաս գիւղը:

Նախակրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրի եւ Այնճարի «Յառաջ» վարժարանին մէջ:

1944-ին կ՛ընդունուի Երուսաղէմի ժառանգաւորաց վարժարանը եւ կ՛աւարտէ զայն 1949-ին:

1950-էն սկսեալ իբրեւ ուսուցիչ կը պաշտօնավարէ ազգային վարժարաններուն մէջ, որուն առընթեր գրական եւ քննադատական իր գործերը լոյս կը տեսնեն «Նայիրի» եւ «Ակօս» հանդէսներուն մէջ: Աշխատակցած է նաեւ սփիւռքահայ շարք մը թերթերու՝ պատմուածքներով, տպաւորապաշտ էջերով եւ քննադատական եւ հրապարակագրական յօդուածներով:

1962 Յունուարին, Կարօ Սասունիի խմբագրապետութեամբ, երբ լոյս կը տեսնէ Հ.Յ. Դաշնակցութեան նախաձեռնութիւնը հանդիսացող գրականութեան եւ արուեստի «Բագին» ամսագիրը, Եդուարդ Պօյաճեանի հետ կը կոչուի խմբագիրի պատասխանատու պաշտօնին:

1962-ին կը մեկնի Փարիզ եւ Սորպոնի եւ Ալիանս Ֆրանսէզի մէջ երկու տարի, իբրեւ ազատ ունկնդիր կը հետեւի գրական եւ իմաստասիրական դասընթացքներու: Վերադարձին շարունակելով «Բագին»ի մէջ վստահուած աշխատանքները,միաժամանակ կը դասաւանդէ հայ գրականութիւն, Այնճարի եւ Պէյրութի ազգային երկրորդական վարժարաններու աւարտական դասարաններուն մէջ:

1966-1973-ին մաս կը կազմէ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութեան, իբրեւ ազգային եւ գրական- մշակութային էջերու պատասխանատու խմբագիր:

Եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մէջ հաստատուած (1966), «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական դատակազմի անդամ եւ խմբագրած է աւելի քան 50 գրական հատոր:

1983-1989-ին կ՛աւանդէ հայ գրականութիւն՝ «Համազգային»ի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկի բոլոր դասարաններուն:

Պօղոս Սնապեանի Հրատարակած Գործերը:

 

  • Ժամանակ Չկայ (1953)
  • Յեղափոխութեան Համար (1956)
  • Վերջին Արարը (1958)
  • Անդրշիրիմեան Ձայներ (1960)
  • Աւազախրած Նաւը (1963)
  • Ես Այդ Շունն Եմ (1966)
  • Կորստական Թոյներ (1970)
  • Աղքատներու Աւանդութւինը Ա. Հատոր (1983)
  • Ի՞նչպէս Հայհոյեմ (1990)
  • Միջնարար (1992)
  • Յայսմաւուրք (1997)
  • Տարեդարձներ (2001)
· Աղքատներուն Աւանդութիւնը Բ.Հատոր (2002)
· Կրկէսին Մէջ (Քննադատական յօդուածներ 2005)
· Տպաւորութիւններու Հէնքով (Քննադատական յօդուածներ)
· Վերծանումներ (Ուսումնասիրութիւն)
· Պատիժներ (2008)
· «Ես Իմ Անուշ»ի Ոդիսականը (Ուսումնասիրութիւն)
· Ձգողական (2010)

Այլ Հրատարակութիւններ

  • Միջնաբերդ (գրական տարեգիրք) 1957-1959
  • Հանդիպումներ Ուիլիըմ Սարոյեանի հետ (1978)
  • Հայաստանի Երիտասարդ Արձակագիրները (1980)
  • Արագիլ (1984)


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.