«Ճանչնանք մեր վարժարանը, իր յաջողութիւններով»


ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ

«Ճանչնանք մեր վարժարանը, իր յաջողութիւններով»

կ՚ըսէ Տիկ. Լենա Գատեան՝ Սուրբ Յակոբի Վարդգէս եւ Աստղիկ Սարաֆեան նախակրթարանի ու Բաստրմաճեան երկրորդականի ընդհանուր տնօրէնուհին

 

Ձեր երեք տարուան փորձառութենէն ետք Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանէն ներս, կ’ուզէինք իմանալ դպրոցի մէջ տարուած աշխատանքներուն, փոփոխութիւններուն եւ ձեր տեսակէտներուն մասին:

Այս վերջին երեք տարիներու ընթացքին կարողացայ ճանչնալ մեր աշակերտութիւնը, ուսուցչական կազմը, ծնողները, ծնողական յանձնախումբը, դպրոցի ուժը եւ կարիքները եւ այս հայկական փորձառութեան վրայ հիմնուելով է, որ այսօր կը փափաքիմ ձեզի հետ բաժնել մեր վարժարանի կտրած ճամբան, մեր ընդգրկած նորութիւններով, մանաւանդ Բաստրմաճեան երկրորդական վարժարանէն ներս, որոնց ընդմէջէն, կը յուսամ որ պիտի կարենաք նաեւ ծանօթանալ ձեր տնօրէնուհիին տեսակէտներուն եւ աշխատելակերպին:

Առաջին հերթին, նախապատուութիւններս եղան ծանրանալ Քեպէքի կրթական նախարարութեան պահանջքներուն վրայ, ապահովելու համար դպրոցի գոյութեան յատուկ արտօնագիրը, ծանօթանալ FEEP-ի (Fédération des établissements d’enseignement privé) հետ, եւ աշխատիլ վարժարանիս բարելաւման վրայ, սկսելով օրէնք-կանոնէն եւ մանաւանդ սերտել հայկական դպրոցի յատուկ առաքելութիւնը’ հայապահպանումը:

 

Ի՞նչ կը մտածէք հայապահապանութեան մասին։

Ինչպէս ըսի, հայ դպրոցի գլխաւոր առաքելութիւնն է հայապահպանումը, միաժամանակ մատուցելով բարձրագոյն որակի ուսմունք, եւ կարելիութեան սահմաններու մէջ՝ այլ ծառայութիւններ: Հայապահպանումը իր փայլուն ճառագայթներով կը շողայ մեր պատերէն ներս ոչ թէ հայերէնի բազմաթիւ ժամերուն պատճառաւ, այլ շնորհիւ մեր հայերէնի հայասէր եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը ունեցող դասատուներուն:

Պատանիի ինքնակերտում, ինքնաճանաչում եւ ինքնավստահութիւն

Եթէ հայութեան հունտը կը սերմանենք մանուկին մտքին եւ սրտին մէջ նախակրթարանի կարգերէն ներս, միայն երկրորդական վարժարանէն ներս է որ, դարձած պատանի, ան կ’իւրացնէ այդ հայութիան զգացումը եւ հաւատքը որովհետեւ իր աճման այդ տարիներուն է, որ ան ինքնութեան վերաբերեալ հարցեր կու տայ ինքզինքին, անոնց մօտենալով աւելի հասուն կերպով:

Երկրորդականի մէջ է, որ ան կը հրաուիրուի մտածելու լրջօրէն իր մայրենի լեզուի կորուստի վտանգին մասին, եւ կամ վերացական ձեւով կրնայ մտածել քաղաքական խնդիրներու, մարդկային իրաունքներու պաշտպանման եւ կամ ցեղասպանութեան մասին, ուսումնասիրելով զանազան նիւթեր՝ հասկնալու համար, թէ ինք ո՛վ է: Աշխատած ըլլալով օտար դպրոցներու մէջ, կրնամ ձեզի վստահեցնել որ այս ինքնակերտումի պատրաստութիւնը անկարելի է օտար երկրորդական վարժարաններէն ներս ստանալ, այն ձեւով որ Սուրբ Յակոբի մէջ կը շաղուըուի մեր աշակերտներու խմորը:

Մենք յատուկ ուշադրութիւն կու տանք պատանիին ինքնակերտման՝ հայերէն լեզուի, մշակոյթի կամ պատմութեան դասընթացքներու ընդմէջէն, նռյնիսկ եթէ ան միայն օրական մէկ ժամ հայերէնի դասընթացք ունենայ: Եթէ ինքնակերտումը կախեալ ըլլար դասերու տրամադրուած ժամերու թիւէն, կամ օտար լեզուով հեռատեսիլի յայտագիրներու ժամերէն, մեր պատանիները շատոնց ինքզինքնին ամերիկացի կամ պարզապէս տեղացի պէտք է զգային՝ առանց նոյնիսկ նկատի առնելու իրենց ժառանգած լեզուն կամ պատմութիւնը: Հայերէնի դասերու թիւը չէ որ «սուրբ-յակոբցի»ն կը զանազանէ ուրիշներէ: Անոնց քանակը չէ որ հայ պատանին հայ կը պահէ, այլ հայութեան հանդէպ անոր ունեցած յարգանքը եւ հայրենիքի սէրը, որովհետեւ հայ դպրոցը կը յենի որակին վրայ եւ ոչ թէ քանակին: Առաւել, այդ ինքնակերտումը մշակելով, մեր աշակերտները կը ցուցաբերեն ինքնաճանաչում ինչ որ կ՚ապահուէ նաեւ ինքնավստահութիւն:

Հայերէնը’ դասաւանդութեան ժամերէն դուրս

Չսահմանափակելու համար հայեցի դաստիարակութը հայերէնի դասընթացքի յատկացուած ժամերով, մեր վարժարանը կը դիմէ երեք գլխաւոր միջոցներու. առաջինը՝ թոյլ տալով որ մեր աշակերտները ապրին իրենց հայութիւնը գրքէն ու տետրակէն անդին, երկրորդը՝ որդեգրելով յատուկ մօտեցումներ, իսկ երրորդը՝ մօտէն աջակցելով համայնքիս հայկական քոյր միութիւններուն հետ:

Նախ եւ առաջ, մեր աշակերնտերը կ՚ապրին իրենց հայութիւնը կազմակերպելով բազմաթիվ ձեռնարկներ եւ հանդիսութիւններ, որոնց միջոցաւ անոնք իրենց ներդրումը կը բերեն մայրենի լեզուով, կէսօրուան ժամուն, դպրոցէն ետք կամ լման կէս օրուան մը ընթացքին: Ձեռնարկներէն կ՚արժէ նշել մի քանի հատը, օրինակ՝ սեպտեմբեր կամ մայիս ամիսներու զոյգ անկախութիւններու տօնակատարութիւնները, Թարգմանչացի նուիրուած ներկայացումները, հայկական կաղանդի թատրոնները, Վարդանանքի ասմունքները, ինչպէս նաեւ Գիւմրիի երկրաշարժի տարեդարձը եւ կամ Ապրիլ 24-ի ոգեկոչումը: Մեր աշակերտութիւնը կ՚ապրի նաեւ իր մշակոյթը, պատմութիւնը եւ լեզուն՝ երաժշտութեամբ, երգելով, պարելով եւ կամ մեր մարտիկներու յիշատակին համար՝ պահ մը լուռ կենալով եւ մանաւանդ հայաստանագնացութեամբ:

 

Նկատի ունենալով որ ինը տարիներու ընթացքին տնօրէնութեան պաշտօն ստանցնած էք Օթթաուայի ֆրանսական դպրոցներու մէջ, որոնք կը սեպուին նաեւ փոքրամասութեան մը պատկանող դպրոցներ անգլիախօս նահանգի մը մէջ, ի՞նչ տեսակի մօտեցումներ պէտք է ընդգրկել այս տեսակի դպրոցներու դռները բաց պահելու համար:

Նախ եւ առաջ, կարեւոր է ընդգրկել յատուկ մօտեցումներ եւ աջակցութիւններ: Այլ փոքրամասութիւններու կացութեան մէջ գտնուող դպրոցներու նման, Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանը կարողութիւնը չունի դռները բաց պահելու առանց իր ծնողներուն եւ ընդհանուր համայնքին օժանդակութեան, զանազան հայկական միութիւններու աջակցութեան, եւ առանց անոնց նիւթական, կրթական եւ բարոյական ներդրումներուն:

Մշակոյթի եւ ժողովուրդի մը յարատեւութիւնը ապահովելու համար, Տիանա Մասնի, գիտաշխատող մը որ սերտած է ֆրանսախօս փոքրամասութիւններու պարագան անգլիախօս նահանգներու մէջ, կ’առաջարկէ չորս տեսակի զարգացման ուղղութիւններ՝ անձնական, դպրոցական, համայնքային եւ քննադատութեան: Մինչ անձնական զարգացումը կը ծառայէ աշակերտին ինքնակերտման, դպրոցական զարգացումը կը նպաստէ լեզուագիտութեան եւ դպրոցական յաջողութեան: Գալով համայնքային զարգացման, ան թոյլ կու տայ որ աշակերտը իր ներդրումը բերէ մշակոյթի մակարդակի վրայ՝ ապահովելու համար անոր հաստատութիւններու գոյութիւնը: Իսկ քննադատութեամբ զարգացող աշակերտին յաջողութիւնը կը յայտնուի, երբ ան կը ստեղծէ մշակութային կապեր, որոնք կը ծառայեն զօրաւոր եւ յանձնառու ինքնութեան մը կերտումին:

 

Զանազան նորութիւններ բերիք Սուրբ Յակոբէն ներս, որո՞նք են անոնք եւ ի՞նչ է անոնց նպատակը:

Բաստրմաճեան վարժարանէն ներս նորութիւններ բերելու նպատակն այն է որ, կարելութեան սահմաններու մէջ, մեր երկրորդական վարժարանը յաճախող աշակերտները ապրին իրենց առօրեայ կեանքը՝ ինչպէս որ պիտի ապրէին եթէ նահանգիս որեւէ երկրորդական դպրոցի մը մէջ գտնուէին, ըլլա՛յ կազմակերպչական, ըլլա՛յ մանկավարժական գետնի վրայ:

Այս նորութիւններուն մաս կը կազմեն, ի միջ այլոց, դասարաններու ֆիզիքական դասաւորումը, նոր ճերմակ գրատախտակները, մուտքի քննութիւնները, երկու ճիւղերու նոր ընտրանքը երկրորդական Ե. կարգէն ներս, նախուտեստներու ընդգրկումը օրուան ժամանակացոյցին մէջ, մրցումներու մասնակցութիւններ, եւ այլն:

 

Կրնա՞ք մանրամասնել։

Սիրով։ Ահա գլխաւոր նորութիւնները։

Մուտքի քննութիւններ երկրորդականի համար

Այլեւս մեր մանկավարժական ծրագրին մաս կը կազմէ ֆրանսերէնի եւ ուսողութեան քննութիւններու դրութիւն մը մեր դպրոցը յաճախող, կամ այլ դպրոցէ մեր երկրորդական վարժարանը յաճախելու դիմող՝ 6-րդ դասարանի աշակերտներուն համար: Այս քննութիւններու գլխաւոր նպատակն է ճանչնալ աշակերտին մակարդակը երկրորդականի սեմին եւ ի հարկին՝ պէտք եղած օգնութիւնը հայթայթել ապահովելու համար իր յաջողութիւնը, իսկ երկրորդը՝ զինք ճանչնալով, չմերժել ոեւէ հայ աշակերտ հայկական կրթութենէ եւ ազգային վարժարան յաճախելէ:

Փոխներգործօն ճերմակ գրատախտակներ

21-րդ դարու յատուկ եւ աշխոյժ դասաւանդութեան առիթ մը տալու համար ուսուցիչներուն, ինչպէս նաեւ աւելի հետաքրքրական սորվելու ձեւ մը մատուցելու համար մեր աշակերտութեան, վեց փոխներգործօն ճերմակ գրատախտակներ հաստատեցինք դասարաններուն մէջ: Այս ձեւով մեր վարժարանի նպատակն էր որդեգրել մօտեցում մը, որ մէկ կողմէն կը խրախուսէ արդի գիտարուեստի մէջ ծնող եւ մեծցող նոր սերունդի պատկանող աշակերտը եւ միւս կողմէն՝ կը համապատասխանէ անոր աշխատելակերպին : Յատուկ դասարան իւրաքանչիւր դասանիւթի համար

Ֆիզիքական փոփոխութիւններու շարքին, երկրորդականին մէջ, իւրաքանչիւր դասանիւթի համար յատկացուցինք յատուկ դասարան մը, ինչ որ պահանջեց մեր աշակերտներէն լուրջ կազմակերպութեան մը ցուցաբերումը, ամէն մէկ դասանիւթի համար դասարանէ դասարան տեղափոխուելով, փոխանակ, նախակրթարանի աշակերտներու նման, իրենց դասարանը մնալու եւ սպասելու որ դասատուն փոխուի:

Գիտութեան եւ ընկերային աշխարհի բաժիններ

Երկու տարի է ի վեր, երկրորդական Ե. կարգի աշակերտները հնարաւորութիւնը ունին իրենց ուսումնական ծրագրէն ներս ընտրելու կա՛մ գիտութեան ճիւղը, կա՛մ ընկերային աշխարհի բաժինը: Ընկերային աշխարհի ծիրէն ներս ամէնամեծ նորութիւնը եղաւ ձեռնարկատիրութեան (entreprenariat) դասընթացքը, որ կ’ընծայէ աւարտող աշակերտին առեւտրական ասպարէզը ընդգրկելու եւ նոյնիսկ իր անձնական գործի հունտերը սերմանելու զոյգ առիթները, եւ այդ՝ աւարտական կարգէն սկսեալ:

Նախուտեստներու ժամեր

Գալով նախուտեստներու (collations) ժամերուն, անոնք այլեւս ընդգրկուած են մեր առօրեայ ժամանակացոյցին մէջ եւ մեծապէս գնահատուած բոլորին կողմէ: Ի հարկ է, ծանր դիւրազգայնութենէ (allergique) տառապող աշակերտները նկատի կ’առնենք եւ աչալուրջ կը հսկենք:

Ոտնագնդակի խումբեր եւ ախոյաններ

Երկրորդականի երկու ոտնագնդակի խումբեր, մէկը տղոց, միւսը՝ աղջիկներու կու գան ամբողջացնելու առողջ մնալու գաղափարը: Մեր տղաքը, զանազան մրցախաղերու մասնակցելէ ետք, առաջնութիւնը բերին դպրոցներու միութեան մրցաշարքէն ներս, իրենց տարիքային մակարդակին վրայ:

Ուսողութեան մրցումներ

Այս տարի մեր երկրորդական վարժարանի Ա.-Գ. կարգերու աշակերտները պատեհութիւնը ունեցան մասնակցելու ըլլա՛յ մրցումներու, ըլլա՛յ վարժութիւններու: Մեր դպրոցը գրաւեց 25-րդ տեղը, ընդհանուր Քեպէքի մէջ, իսկ մեր երկրորդականի երրորդ Ա կարգէն՝ Սեւակ Պապիկեանը 16-րդ տեղը գրաւեց 461 զանազան դպրոցներէ եկող՝ 17 462 մասնակցող աշակերտներուն մէջէն: Սքանչելի յաջողութիւն: Մեր դպրոցը եւ ընդհանուր համայնքը հպարտ է Սեւակ Պապիկեանով:

Duc of Edimburgh-ի մրցանակ

Երկրորդականի Գ.-Ե. կարգի 8 աշակերտներ արձանագրուած են այս ծրագրին, որ կը քաջալերէ 14-էն 25 տարեկան երիտասարդները՝ համապարփակ ուսում մը ստանալու եւ դառնալու տարբեր հետաքրքրութիւններով եւ կարողութիւններով օժտուած՝ աշխարհի քաղաքացիներ: Անցեալ տարի սկսած այս ծրագիրը հասաւ իր առաջին մղոնաքարին, որովհետեւ մեր այս յարատեւող աշակերտները արժանացան պղինձէ մրցանակին: Յաջորդ հանգրուաններն են արծաթի եւ յետոյ ոսկիի մրցանակները: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար կրնաք այցելել http://www.dukeofed.org կայքէջը:

Հայոց պատմութեան դասանիւթ

Հայոց պատմութեան դասանիւթը ո՛չ թէ միայն կ՚օժանդակէ պատանիին ինքնակերտման, այլ ան միաժամանակ ճանչցուած է կրթական նախարարութեան կողմէ իբր օրինաւոր երկրորդականի դասանիւթ մը, որ իր յատուկ վարկանիշը (crédit) ունի, ինչպէս է պարագան հայերէն լեզուի համար:

 

Թիւ 56 օրէնքով, կրթական նախարարութիւնը կը պահանջէ դպրոցական հաստատութիւններէ որ յատուկ ծրագիրներ մշակեն եւ գործադրեն զանոնք դպրոցէն ներս, նախատեսելու եւ պայքարելու համար ճնշման դէմ: Ի՞նչ եղան ձեր նախաձերնութիւնները այս նիւթին նկատմամբ:

Մենք առդէն երկու տարի առաջ սկսանք Դրական վարքի աջակցութեան դրութեան կիրարկումը եւ շարունակեցինք զայն այս տարի եւս՝ կանխարգիլելու համար ճնշման (intimidation) արարքները դպրոցէն ներս: Մենք կը նշենք նաեւ Քեպէգի տարածքին կազմակերպուած «Դպրոցէն ներս ճնշման արարքներու դէմ պայքարելու շաբաթ»-ը, որ կը համապատասխանէ ՄԱԿ-ի բռնութեան դէմ միջազգային օրուան հետ, որ 2007-էն ի վեր ամէն տարի կը տօնակատարուի հոկտեմբեր 2-ին՝ մղելով վրձիններն ու գրիչները, որ գործի անցնին Ս. Յակոբի խաղաղապահ աշակերտներու ձեռքերուն մէջ:

Երեք տարիէ ի վեր ե՛ւ դպրոցի վարքագծին մէջ ե՛ւ դպրոցի ամէնօրեայ կեանքին մէջ, յատուկ ուշադրութիւն կը տանինք, նախատեսուած ծրագիրներով պայքար մղելու համար, որպէսզի կառավարական օրէնքի պահանջքները յարգելու կողքին, վարժեցնենք մեր աշակերտները, որ խաղաղ կերպով իրենց միջեւ խնդիրները լուծեն եւ սորվին ինքնատիրապետում՝ մանաւանդ նախակրթարանի կարգերէն ներս:

Դրական մօտեցումը մեր գլխաւոր միջոցը ըլլալով, մենք լրջօրէն ամէն ամսուան վերջ, թոյլ կու տանք որ մեր աշակերտները ուրախութեամբ տօնեն իրենց բարեկիրթ վարքուբարքը, իրենց նախընտրած (բայց անշուշտ արտօնուած) ձեռնարկներով:

Կ’ուզէի նաեւ յիշել որ յաւելեալ միջոցներ ալ որդեգրած ենք մեր ճնշման դէմ պայքարելու ծիրէն ներս, օրինակ՝ վարուելակերպի մասին ազդեր դպրոցի պատերուն վրայ եւ տետրակ մը աշակերտին օրատետրին մէջ որոնք կը ծառայեն իրեն յիշեցնելու համար օրէնքները եւ իրմէ սպասուած վերաբերմունքը: Առաւել, շաբաթական դրութեամբ՝ մեր նախակրթարանի ուսուցիչները, եւ ի հարկին երկրորդականինները, կը կազմակերպեն Գործակցութեան խորհուրդը (Conseil de coopération) դասարանէն ներս, ուր աշակերտը ժամանակը եւ տեղը կ՛ունենայ արտայայտուելու, խնդիրներ լուծելու կամ շնորհակալութիւն յայտնելու իր դասընկերոջ: Իսկ օրէնքէն շեղելու պարագային, եւ դպրոց-ընտանիք կապերու մօտիկութիւնը ապահովելու համար, կը յենինք ծնողաց աջակցութեան վրայ՝ տեղեկագրեր ուղարկելով օրական դրութեամբ: Գալով մեր պատանիներուն՝ անշուշտ նոյն օրէնքները ի զօրու են իրենց համար, բայց աւելին՝ յատուկ պայմանագրութեան մը ստորագրութիւնը կը պահանջենք իրենցմէ: Իսկ դպրոցի ժամերէն դուրս, կը զուգադրենք երկրորդականի կարող աշակերտներ նախակրթարանի աշակերտներու հետ՝ զանազան դասերու օգնութեան համար: Այս ծրագիրներուն կը միանան անձնակազմի անդամներ կամ ծնողներ, որ կը կազմեն յանձնախումբեր, որոնց նպատակն է ստեղծել ապրելու, սորվելու եւ աշխատելու դրական միջավայր մը մեր դպրոցէն ներս, կազմակերպելով զանազան գործունէութիւններ, ինչպէս խաղեր բակին մէջ կամ ներկայացումներ:

Կ’ուզէի յիշել նաեւ որ տարին քանի մը անգամ, ուրախութիւնը ունիմ «Արեւու շող հեռաձայնային պատգամներ» տալու մաս մը ծնողներու իրենց զաւակներուն գովասանքը կատարելով աշակերտին ներկայութեան:

Վերջապէս, մեր Դրական վարքի աջակցութեան դրութիւնը գնահատանքի արժանացաւ Քեպէքի Կրթական նախարարութեան այս ծրագրով զբաղուող քննիչներուն կողմէ:

 

Ուրիշ ի՞նչ նորութիւններ ունեցաք։

Ուրեմն, ունեցանք նաեւ անգլերէնով ճառախօսութեան մրցանք. երկրորդ տարին ըլլալով, կազմակերպեցինք այդ մրցանքը երկրորդականի Գ., Դ. եւ Ե. կարգի աշակերտներուն համար:

Թեռի Ֆոքսի վազքը

Երրրորդ յաջորդական տարին ըլլալով, Թեռի Ֆոքսի վազքը տեղի ունեցաւ անցեալ սեպտեմբերին մասնակցութեամբ նախակրթարանի բազմաթիւ դասարաններու: Այս խորհրդանշական վազքը դպրոցէն ներս սեպտեմբեր ամսուն մէջ այլեւս մաս կը կազմէ մեր դպրոցի մշակոյթին:

գործարարութեան օրը Սուրբ Յակոբէն ներս

Գանատայի Հայ Առեւտրական Խորհուրդի անդամ մասնագէտները հանդիպեցան երկրորդականի Ե. կարգի գործարարութեան դասին հետեւող աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ կարգ մը երկրորդականի Գ. եւ Դ. կարգերէն աշակերտներու եւ իրենց ծնողներուն հետ: Մեր երիտասարթութիւնը առիթը ունեցաւ օգուտ քաղելու մասնագէտներու փորձառութիւններէն եւ խորհուրդներէն: Աշակերտներ եւ ծնողներ շատ գոհ էին սոյն փոխանակումներէն:

Արուեստի փառատօն

Անձնական դպրոցներու միութիւնը այս տարի առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպեց արուեստի փառատօն մը որուն սիրայօժար մասնակցեցան երկրորդականի 8 աշակերտներ, հպարտութեամբ ներկայացնելով մեր վարժարանը նոյեմբեր ամսուն Trois-Rivières-ի մէջ:

Մեր գլխաւոր ձերնարկներէն մին՝ մեր գործակցութիւնը ‘Parcours d’enfants’ հաստատութեան հետ

  • կողմնորոշման սպասարկութիւններ (services d’orientation)

 

Կողմնորոշման սպասարկութիւններ ներկայացուեցան մեր երկրորդականի Դ. եւ Ե. կարգերու աշակերտներուն: Այս սպասարկութեան նպատակն է օգնել պատանիին որ ինքզինքը լաւ ճանչնայ իբր ուսանող եւ հետեւաբար լաւագոյն ընտրութիւնը կատարէ իր գոլեժի ուսման գծով: Այս ծրագրին մէջ, մեր աշակերտները մասնակցեցան գաղտնի եւ անձնական քննութիւններու, իրենց ծնողած հետ տեղեկատուութեան երեկոյի մը, ուր իրենց բացատրուեցան գոլեժի մուտքի պայմանները. իսկ անոնք որ կը փափաքին, հնարաւորութիւնը ունին նաեւ անհատական սպասարկութիւններ ունենալու ‘Parcours d’enfants’ հաստատութեան կողմէ:

  • Աշակերտներու ուսման մէջ օգնութիւն

 

Այս հաստատութեան հետ գործակցելով մեր դպրոցը հնարաւորութիւնը ունի նաեւ յատուկ սպասարկութիւններ դնելու որոշ դժուարութիւններ ունեցող աշակերտներուն տրամադրութեան տակ, երբ դասարանի փոփոխութիւնները ուսուցիչին կողմէ եւ իրենց յատկացուած անձնական մանկավարժական նախագիծերը բաւարար չեն սեպուիր իրենց ուսման համար: Այս միջամտութիւնները բազմակողմանի են մանաւանդ գրել կարդալ սորվելու նպատակով, ամէն մէկ աշակերտի յատուկ միջոցներ հայթայթելով՝ իր դժուարութիւնները յաղթահարելու համար:

Գիտարուեստը՝ աշակերտին սորվելու լաւագոյն միջոցը

Վերջապէս, այս հաստատութենէն անկախ, երկրորդականի մի քանի աշակերտներ հնարաւորութիւնը ունին յատուկ ծրագրակազմերու (logiciel) դիմելու՝ իրենց համակարգիչները գործածելով ապահովելու համար իրենց դպրոցական յաջողութիւնը եւ նոյնիսկ կարողութիւնը ունենալու շարունակելու իրենց ուսումը երկրորդականէն անդին: Խիստ կը հաւատամ որ ամէն աշակերտ կրնայ յաջողիլ եթէ ի՛նք ուզէ, իր ներդրումը բերելով եւ եթէ դպրոցը իրեն տայ պէտք եղած յաւելեալ ժամանակը եւ յատուկ միջոցները: Այս ճիգերէն անդին, մաս մը ուսանողներ կրնան կարիքը ունենալ ուրիշ մասնագէտներու, ինչպէս հոգեբաններու կամ հոգեբուժերու:

 

 

Սուրբ Յակոբը կայքէջ ունի՞։

Այո՝ Կը հրաւիրեմ ձեզ հետեւելու մեր լուրերուն մեր կայքէջին վրայ՝ www.ecolesourphagop.com հասցէին: Հոն պիտի գտնէք զանազան տեղեկութիւններ մեր վարժարաններուն եւ աշակերտութեան մասին:

Գալով արտադպրոցական կեանքին, կարելի է՞ մի քանի տեղեկութիւններ տալ:

Տարիներէ ի վեր մեր վարժարանը կը կազմակերպէ արտադպրոցական աշխատանոցներ եւ ճամբորդութիւններ, որոնցմէ յիշենք Shawinigan, Trois-Rivières, Toronto (եւ մանաւանդ հայկական դպրոցի այցելութիւնը,) իսկ երկրէն դուրս՝ Պոսթոն, Ֆիլատելֆիա քաղաքներու այցելութիւնները, աւանդական ճամբորդութիւններէն զատ դէպի Քեպէք կամ Օթթաուա:

 

 

Մեր հարցազրոյցը չաւարտած, ըսէք ի՞նչ է ձեր կարծիքը ծնողական յանձնախումբին մասին:

 

Շնորհիւ ծնողական յանձնախումբին, մեր աշակերտները վայելեցին ճաշակաւոր նոր համազգեստներ, առաջին յարկը օժտուեցաւ նոր հիւանդասենեակով մը, իսկ մանկապարտէզը եւ այլ դասարաններ՝ նոր աթոռներով եւ սեղաններով, ինչպէս նաեւ արդիական ճերմակ գրատախտակներով:

 

 

Մանկավարժական նորութիւններէն անդին՝ որո՞նք եղան շէնքին հետ կապուած նորութիւնները կամ նորոգութիւնները:

 

 

Մեր շէնքին մէջ ունեցանք երկու հսկայ նորութիւններ. Բաստրմաճեան թատերասրահի նորոգութիւնը եւ գիտական նոր «Մանուկ Ջուխաճեան» տարրալուծարանը: Սրտագին շնորհակալութիւններ Բաստրմաճեան եւ Ջուխաճեան Ֆոնտի անդամներուն:

 

 

Մեր հարցազրոյցի աւարտին՝ ի՞նչ են ձեր վերջին մտածումները:

Կ’ուզեմ շնորհակալութեան խօսքս յայտնել Ս. Յակոբի նուիրուած անձնակազմին, ծնողական յանձնախումբի անձնուէր անդամներուն, մեր ծնողաց, որոնք կը յանձնեն մեզի իրենց անգին գանձերը, ինչպէս նաեւ համայնքի ղեկավարներուն՝ իրենց վստահութեան համար:

 

«Հորիզոն»


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.