ՔԼԻՆԹԸՆ ԻՐ ՅՈՒՇԵՐՈՒՆ ՄԷՋ Կ՚ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՑԻՒՐԻԽԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ

\n

 

\n

\n

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Հիլըրի Քլինթըն հրատարակեց «Դժուար ընտրանքներ» խորագիրով իր յուշերը, ինչ որ շատերու կողմէ 2016-ի նախագահութեան իր թեկնածութեան ոչ պաշտօնական յառաջադրումը նկատուեցաւ։ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը 656 էջերէ բաղկացած գիրքին մէջ յատուկ տեղ մը կը գրաւէ։

10 Յունիսին հրատարակուած գիրքին մէջ կը ներկայացուի Քլինթընի պաշտօնավարութեան ընթացքին կատարած դժուար բանակցութիւնները՝ Կիպրոսի հարցէն մինչեւ Հայաստան։ Գիրքը Թուրքիան կը ներկայացնէ իբրեւ Քլինթընի մասնակցած բանակցութեանց մէջ դժուար դերակատար մը։ Քլինթըն կը գրէ, որ Եւրոպայի մէջ Միացեալ Նահանգներու ունեցած յարաբերութիւններէն ոչ մէկը Թուրքիոյ հետ յարաբերութեան նման հոգատարութիւն պահանջած է։

Քլինթըն Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը կը նկատէ անձ մը, որուն «ձեռքին մէջ կը գտնուի Թուրքիոյ եւ մեր յարաբերութեանց ապագան»։ Ան Էրտողանը կը նկարագրէ իբրեւ փառատենչ, ուժեղ, հաւատացեալ եւ ազդու քաղաքագէտ մը։

Խօսելով Թուրքիոյ «Զերօ խնդիրներ» քաղաքականութեան մասին Քլինթըն կը գրէ, որ այդ քաղաքականութիւնը լաւ բան մը կը թուէր եւ բազմաթիւ պարագաներու շինիչ էր, սակայն նաեւ Թուրքիան չափազանց նախանձախնդիր դարձուց ընդունելու Իրանի հետ դիւանագիտական համաձայնութիւն մը, որ Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին նկատմամբ միջազգային ընտանիքին մտահոգութիւնները փարատման ոչինչով նպաստեց։

Քլինթըն՝ վերյիշելով Հոկտեմբեր 2009-ին Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ Ցիւրիխի մէջ կնքուած համաձայնութիւնը կը յայտնէ, որ իր 4-ամեայ պաշտօնավարութեան ընթացքին Թուրքիան ի յայտ եկած է իբրեւ կարեւոր եւ երբեմն յուսախաբող գործընկեր մը։ Ան այդ համաձայնութիւնը «մարտահրաւէր» մը կը նկատէ ԱՄՆ-ի համար։

Քլինթըն կը գրէ. «Յաջորդ կէսօրէ ետք պանդոկէս դուրս եկայ եւ արարողութեան (համաձայնութեան ստորագրման «Հ») համար ուղղուեցայ Ցիւրիխի համալսարան։ Սակայն խնդիր մը կար։ (Էտուարտ) Նալպանդեան՝ հայ նախարարը կը հակառակէր։ Ան ստորագրման ընթացքին Տաւութօղլուի խօսքով մտահոգուած էր եւ յանկարծ կը մերժէր պանդոկէն դուրս գալ։ Կը թուէր, որ ամիսներէ ի վեր զգուշութեամբ վարուած բանակցութիւնները կրնան տապալիլ»։ Ըստ անոր, ան «հեռաձայնները գործի լծած է» եւ իր երկու պաշտօնակիցները համոզած «փաստաթուղթը ստորագրելու, յայտարարութիւն չկատարելու եւ հեռանալու»։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.