Թուրքիոյ Նախագահին Ուղղուած 100ամեակի Հրաւէրը… կամ «Թուրք Ուիլլի Պրանտ»ի առասպելը

\n

 

\n

\n

1970-ի Դեկտեմբեր 7-ին, Գերմանիոյ վարչապետ Ուիլլի Պրանտ ծունկի կու գայ Բ. Աշխարհամարտին նացի գերմանացիներու կողմէ սպաննուած հրեաներու յուշարձանին առջեւ

\n

Մեծ Եղեռնի 100ամեակին առիթով՝ Հայաստանի նախագահը հրապարակային եւ պաշտօնական հրաւէր մը ուղղեց Թուրքիոյ նախագահին, որպէսզի ցեղասպան պետութեան այսօրուան ներկայացուցիչը 2015 թուականին այցելէ Երեւան։

\n

Թուրքիոյ իր պաշտօնակիցին ուղղուած Սերժ Սարգսեանի նախագահական հրաւէրը թէեւ յստակօրէն չի ճշդեր, թէ Հ. իշխանութիւնները ի՛նչ կ՛ակնկալեն նման այցելութենէ մը, բայց թէ՛ հրաւէրին շարժառիթը եւ թէ հիւրընկալին ու հիւրին ինքնութիւնը երեւութապէս կարիքը չեն զգացներ յաւելեալ յստակացումի…

\n

Ի վերջոյ 2015-ին կը լրանայ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցը եւ աւելի քան ակնյայտ է, որ Հայաստանի նախագահը Երեւան կը հրաւիրէ Թուրքիոյ նախագահը, որպէսզի այլ պետութեանց ղեկավարներու շարքին ան եւս ընդունի պատմական ճշմարտութիւնը եւ խոնարհի մէկուկէս միլիոն մեր նահատակներու յուշակոթողին առջեւ։

\n

Յատկանշականօրէն, Հայաստանի նախագահին «հրաւէր»ով մեր իրականութեան մէջ ոմանք այնքան շատ խանդավառուած են, որ աջ ու ձախ սկսած են գովազդել, թէ Մեծ Եղեռնի 100ամեակին առիթով հայկական կողմը ահա՛ դիւանագիտական կարեւոր քայլ մը նետած է, թրքական դիւանագիտութիւնը զգալապէս ճնշումի տակ ինկած է եւ հիմա գնդակը կը գտնուի թրքական կողմի դարպասին մօտ…

\n

Անտեղի չէ ֆութպոլային դիւանագիտութեան բառամթերքին օգտագործումը վերջին նշումին մէջ։
Ինչպէս 2008ին, այնպէս ալ 2014ին նախագահ Սերժ Սարգսեան կը գործէ դիւանագիտութիւն «խաղալու» միեւնոյն տրամաբանութեամբ։

\n

2008-ին ՀՀ նախագահը կը կարծէր, որ հայեւթուրք յարաբերութեանց բնականոնացման ուղղութեամբ հայկական կողմը դիւանագիտական յաջողութիւն մը կ՛արձանագրէր՝ Հայաստան-Թուրքիա ֆութպոլի ազգային հաւաքականներուն մրցախաղը միասնաբար դիտելու համար Թուրքիոյ նախագահը Երեւան հրաւիրելով։

\n

Իսկ 2014-ին նախագահ Ս. Սարգսեան միեւնոյն տրամաբանութեամբ կը կարծէ, ըստ երեւոյթին, որ նորագոյն իր հրաւէրին շնորհիւ թրքական պետութիւնը առնուած կ՛ըլլայ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած Ցեղասպանութիւնը միջազգային հանրութեան առջեւ խոստովանելու դիւանագիտական ճնշումին տակ։

\n

Բայց որեւէ լուրջ հիմք կա՞յ իբրեւ այդպիսին՝ իբրեւ Մեծ Եղեռնի 100-ամեակի ոգեկոչման դիւանագիտական յաղթաթուղթ ընկալելու եւ գովազդելու Թուրքիոյ նախագահին ուղղուած Սերժ Սարգսեանի հրաւէրը։
Որեւէ հիմք չկայ ենթադրելու համար, որ միջազգային հանրութեան առջեւ թրքական պետութիւնը կրնայ դիւանագիտական անհանգստացնող ճնշումի տակ յայտնուիլ «100-ամեակի հրաւէր»ին պատճառով։
Թրքական դիւանագիտութիւնը շատոնց յստակացուցած է եւ վարչապետ Էրտողան տարբեր առիթներով պաշտօնապէս հաստատած է, որ Թուրքիա կը դատապարտէ թէ՛ իթթիհատական, թէ՛ քեմալական իշխանութեանց օրով հայ ազգաբնակչութեան դէմ գործադրուած խժդժութիւններն ու զանգուածային սպանդները։

\n

Թրքական դիւանագիտութիւնը եւ Թուրքիոյ վարչապետը նոյնպէս կարեւորութեամբ աշխարհին յայտարարած են, թէ՝
– Միայն հայ ազգաբնակչութեան դէմ ուղղուած չէին անցեալի այդ ոճիրները, այլ ուղղուած էին նաեւ այլ փոքրամասնութեանց եւ մինչեւ իսկ նոյնինքն թուրք ազգի զաւակներուն դէմ…

\n

– Իսկ աւելի կարեւորը՝ թրքական պետութիւնը երբեք հետամուտ չէ եղած հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան, որովհետեւ թուրք ազգը եւ մանաւա՛նդ Իսլամը իրենց էութեամբ դէմ են նման ոճիրներու…
Այսինքն՝ թրքական պետութեան մերօրեայ ղեկավարները բեմը արդէն յարդարած են, որպէսզի իբրեւ քաղաքակիրթ երկիր ու ժողովուրդ աշխարհին ներկայանան սեփական անցեալին ու պատմութեան հետ հաշտ հոգուով ապրելու պատրաստակամութեամբ։

\n

Աւելի՛ն. թրքական պետութեան ներկայացուցիչները դիւանագիտական անհրաժեշտ նախապատրաստութիւնը արդէն տեսած են, որպէսզի Հայաստանէն ստացուած Երեւան այցի «100ամեակի հրաւէր»ին ամենայն հանգստութեամբ ընդառաջեն՝ պայման դնելով, որ Թուրքիոյ նախագահին այցը ծառայէ որոշապէս հայ ժողովուրդի նահատակներուն յիշատակը յարգելու նպատակին, այլ ոչ թէ Թուրքիոյ հասցէին ցեղասպանի մեղադրանքներ շպրտելու «քաղաքականութեան»։

\n

Թէեւ ինքնին բաւականաչափ ուժեղ եւ ազդեցիկ պետութիւն է Թուրքիա, այդուհանդերձ՝ այնքան ալ առանձին չէ դիւանագիտական իր այս յաղթարշաւին մէջ։

\n

Թուրքիայէն առաջ ամերիկեան արտաքին քաղաքականութիւնը ահա քառորդ դարէ ի վեր յանկերգի պէս կը կրկնէ, թէ հայ ժողովուրդին դէմ 1915-ին փաստօրէն գործադրուած է Մեծ Եղեռն, բայց պատահած ողբերգութիւնը միայն «ենթադրաբար», այլ ոչ թէ իրապէս… ցեղասպանութիւն է։

\n

Թուրքիա եւ անոր թիկունքը պաշտպանող Մ. Նահանգները փաստօրէն պատրաստած են միջազգային դիւանագիտութեան բեմահարթակը, որպէսզի Հայկական Հարցին իբր թէ արդար լուծում մը գտնելու իրենց պատրաստակամութիւնը ցուցադրեն աշխարհին։

\n

Եթէ Թուրքիոյ նախագահը Մեծ Եղեռնի 100-ամեակին առիթով Երեւան գայ եւ խոնարհի հայ ժողովուրդի նահատակաց յուշակոթողին առջեւ, այդ պարագային գտնուած կ՛ըլլայ, Գերմանիոյ վարչապետ Ուիլլի Պրանտի օրինակով, թրքական պետութեան այն «քաղաքակիրթ» եւ «արդարախոհ» ղեկավարութիւնը, որ խորհրդանշական մեծ քայլը նետած կ՛ըլլայ անցեալի տխուր եւ դառն էջը փակելու ուղղութեամբ։

\n

«Թուրք Ուիլլի Պրանտ»ի առասպելը տասնամեակներէ ի վեր կը քաշքշուի ոչ միայն թրքական եւ մեծապետական ուժերուն, այլեւ հայ քաղաքական միտքի տարբեր թեւերուն կողմէ։

\n

1970-ականներուն շղթայազերծուած Հայ Դատի պայքարը պատռեց կեղծիքի շղարշը, որ յանուն հայեւթուրք երկխօսութեան հիւսուած էր «թուրք Ուիլլի Պրանտ»ի մը սպասելու այդ առասպելին շուրջ։

\n

Հայ Դատի պայքարը կտրեց ռուպիկոնը, երբ Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման պահանջատիրութենէն անդին անցաւ եւ, անդառնալիօրէն, շեշտեց քաղաքական արդար հատուցման հրամայականը՝ իբրեւ նախապայմանը հայեւթուրք յարաբերութեանց իրաւ բնականոնացման։

\n

Հայաստանն ու հայութիւնը Մեծ Եղեռնի 100ամեակին կ՛ուղղուին՝ Հայ Դատի պահանջատիրութեան արդար ու ամբողջական հատուցման հրամայականը միջազգային ուշադրութեան առարկայ դարձնելու օրակարգով։
Թուրքիոյ նախագահին ուղղուած՝ 2015ին Երեւան այցի Հայաստանի նախագահին հրաւէրը համապատասխան չէ Մեծ Եղեռնի 100-ամեակին կիզակէտը հանդիսացող հրամայականին։

\n

Ինչպէս որ ատենին Արեւմտեան Գերմանիան, նացիականութեան զոհ գացած հրեաներուն Ողջակիզման համար հատուցում կատարելէ ետք, Ուիլլի Պրանտով եկաւ իր գլուխը խոնարհելու հրեայ զոհերու յիշատակին առջեւ,այնպէս ալ Հայաստանն ու հայութիւնը իրաւունք ունին պահանջելու եւ սպասելու, որ ցեղասպան թրքական պետութեան ներկայացուցիչները, Հայ Դատին արդար հատուցում կատարելով, Երեւան այցի հրաւէր ստանան, որպէսզի գան եւ քաղաքակիրթ աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ իրենց գլուխը խոնարհեն բիւրաւոր մեր նահատակներու յիշատակին առջեւ։

\n

Նազարէթ Պէրպէրեան 

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.