Երասխի Ուղղութեամբ Կրակած Ազերի Արձակազէններու Դիակները Նոր Կը Բացայայտուին
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– «Ռեգնում» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով ատրպէյճանական լրատուամիջոցները՝ հաղորդած է, թէ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան Ճուլֆայի շրջանի Լակադաղ գիւղին ուղղութեամբ հայկական զինուած ուժերը յարձակում կատարած են, եւ ատրպէյճանցիներ մահացած են։ Սակայն խորքին մէջ իրականութիւնը այն է, որ այս դիակները հաւանաբար կը պատկանին այն ատրպէյճանցի արձակազէններուն, որոնք կրակ բացած էին հայկական կողմի ուղղութեամբ, զոհեր պատճառած էին եւ մահացած՝ հայկական կողմի պատասխան կրակոցներէն։
Հայ ատրպէյճանական շփման գիծին վրայ տեղի ունեցածին մասին տեղեկանալու համար, «Երկիր»ը դիմած է պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանին, որ յայտնած է. «Դա աբսուրդ է, չկայ նման բան, դա ապատեղեկատուութիւն է»:
«Նման սադրիչ տեղեկատուութեամբ ադրբեջանական կողմը փորձում է սրել իրավիճակը հայ-ադրբեջանական զօրքերի շփման գծում, նաեւ ինչպէս ենթադրւում էր, ըստ էութեան, ադրբեջանական կողմը յայտնում է այն զոհերի մասին, որ ունեցել էր Երասխի ուղղութեամբ կատարած ոտնձգութիւնների օրը», կը գրէ «Երկիր»ի թղթակիցը։
Յիշեցնենք, որ քանի մը օր առաջ «Երկիր»ը գրած էր, որ Երասխ գիւղին բնակիչները պատմած են, որ 5 Մայիսին, երբ հակառակորդ արձակազէնը փամփուշտ արձակած էր Երասխի ուղղութեամբ՝ պատճառելով երկու հայ զոհ, հայ զինուորականներու պատասխան կրակոցէն հակառակորդը, հաւանաբար, 1-5 զոհ ունեցաւ: Գիւղացիները նշած էին, որ հայ զինուորները նկատած են հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ կրակ բացած 6-7 յատուկ նշանակութեան արձակազէններ, որոնք պատրաստուած են հեռանալ սեւ «ճիփ»ով, սակայն հայկական կողմի պատասխանը չէ ուշացած, եւ անոնք չեն կրցած փախուստ տալ։
Ըստ ականատեսներուն՝ ընդամէնը 3 հոգի կրցան են դուրս գալ ինքնաշարժէն, անոնցմէ մէկը մնացած է անշարժին մէջ, իսկ երկուքը կրցած են փախուստ տալ ու թաքնուիլ մօտակայ եղեգնուտին մէջ: Գիւղացիներուն համաձայն՝ նման կրակոցէն ետք «ճիփ»ին մէջ գտնուողներէն ոչ մէկը պէտք է ողջ մնացած ըլլար: Անոնք վստահ են, որ ատրպէյճանական կողմէն առնուազն մէկ, եթէ ոչ 5 հոգի մահացած է։