Էջմիածինի Մէջ Կայանալիք Միջազգային Խորհրդաժողովին Պիտի Քննարկուի Սուրիոյ Իրավիճակը

\n

\n

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի հրաւէրով եւ Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ, 11-12 Յունիսին տեղի պիտի ունենայ միջազգային խորհրդակցութիւն՝ «Ճգնաժամը Սիրիայում. մարտահրաւէրներ հաւատքի համայնքների համար» թեմայով:
\n Մայր աթոռի տեղեկատուական համակարգէն յայտնած են, որ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին մէջ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին նախագահութեամբ կազմակերպուած խորհրդակցութեան պիտի մասնակցին Մերձաւոր Արեւելքէն, Սուրիայէն, Ռուսիայէն, Եւրոպայի տարբեր երկիրներու եւ Միացեալ Նահանգներէն Քրիստոնէական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ:
\n Խորհրդակցութեան ընթացքին պիտի արծարծուին «Քաղաքական զարգացումները Սիրիայում եւ մարդասիրական հեռանկարները», «Մերձաւոր Արեւելքում քրիստոնեաների ներկայութիւնը եւ վկայութիւնը Արաբական Աշխարհում տեղի ունեցող զարգացումների արդիւնքում», «Հայկական համայնքները Մերձաւոր Արեւելքում եւ Սիրիայում եւ դրանց հեռանկարները» թեմաները:
\n Խորհրդակցութեան բացումը տեղի պիտի ունենայ 11 Յունիսին, «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի դահլիճին մէջ՝ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին նախագահութեամբ եւ Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի ու ԵՀԽ գլխաւոր քարտուղար Օլաւ Թուէյթի մասնակցութեամբ:
\n Յունիս 12ի առաւօտեան խորհրդակցութեան մասնակիցները պիտի այցելեն նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.