Ցեղասպանութենէն Վերապրողի Մը Մասին Նոր Հատոր Կը Հրատարակուի Թուրքիոյ Մէջ
\n
\n ՊՈԼԻՍ, ԵՐԵՒԱՆ, «Մարմարա», «Արմէնփրէս».- Անգարայի «Լոքման Հեքիմ Էթլիք» հիւանդանոցի աւագ բոյժքոյր Այսել Քըլըչ Գարսլը վերջերս հրատարակած է գիրք մը՝ Վարդանոյշ անունով իր մեծ մօր կեանքին մասին։
\n «Վարդանոյշի Ալին» անուն գիրքին մէջ ներկայացուած է կեանքը հեղինակին մեծ մօր, որ Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրած է: Վարդանոյշին ընտանիքը Արաբկիրի Զօհրապ գիւղէն եղած է: Վարդանոյշի հարսանիքին օրը, օսմանցի զինուորները յարձակած են անոնց տան վրայ՝ վերջ տալով հարսանիքին եւ սկիզբը դնելով աքսորին, որ աւարտած էր Ցեղասպանութեամբ:
\n Գարսլը կը ներկայացնէ Թուրքիոյ պատմութեան ամենասարսափելի եւ արիւնալի էջերէն մէկը՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնը: ««Վարդանոյշի Ալին» գիրքը ուժգին ձայնն է այն մարդոց, որոնք Ցեղասպանութեան ընթացքին ողջ մնալով՝ ստիպուած եղած են մոռնալու իրենց ինքնութիւնը, մշակոյթը եւ հաւատքը», կ՛ըսէ հեղինակը, քննադատելով Թուրքիոյ մէջ շարունակուող Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու «մշակոյթ»ը: Գիրքը առիթ կ՛ընծայէ, որ «չտեսնող աչքերը տեսնեն, իսկ մթագնած հոգիները լուսաւորուին», կ՛ըսէ Գարսլը:
\n Գարսլը վերջերս Անգարայի մէջ կայացած գիրքի շնորհահանդէսին ընթացքին, մեծաթիւ ընթերցողներու ներկայացուցած է իր հատորը: Յառաջիկայ օրերուն Գարսլը պիտի մասնակցի Պոլսոյ, Պուրսայի, Մալաթիոյ եւ այլ քաղաքներու մէջ կազմակերպուող իր գիրքի շնորհահանդէսներուն։\n