65 Հայ Ընտանիքներ հեռացան Մոսուլէն
1237
0
\n
\n
Յունիս 10-ին, «Ազդակ»-ի խմբագրութեան հետ կապ հաստատեց Իրաքի Ազգային իշխանութեանց պատասխանատուներէն Պարոյր Յակոբեան եւ փոխանցեց‚ որ Մոսուլի շրջանը գրաւուած է հակակառավարական ուժերու կողմէ‚ որուն իբրեւ հետեւանք շրջանի ազգաբնակչութիւնը‚ որոնց շարքին 65 հայ ընտանիքներ եւ ծխատէր քահանան հեռացած են շրջանէն։ Պարոյր Յակոբեան հաւաստեց‚ որ մարդկային կորուստներ չեն արձանագրուած։
\n