«ԱԼ-ԱՐԱՊ» Կ՚ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ «ՀՈԹԷԼ ՊԱՐՈՆ» ՎԷՊԻՆ


 

Լոնտոնեան «Ալ-Արապ» օրաթերթը անդրադարձաւ սուրիացի վիպագիր Ապտօ Խալիլի (նկարը) արաբերէն «Ֆունտուք Պարոն» վէպին, որ կը ներկայացնէ Լոտոնի եւ Հալէպի միջեւ սիրոյ արկածախնդրութիւն մը, որուն թատերաբեմը Հալէպի հռչակաւոր «Օթել Պարոն»-ն է։ 

Խալիլ կը փորձէ ներկայացնել Սուրիոյ մէջ բողոքի ցոյցերը սկսելէն ամիսներ ետք Հալէպի մէջ տիրած հանդարտ մթնոլորտը եւ ինչպէս այդ մէկը երկար չտեւեց։

Վերջերս «Ատապ» հրատարակչատունէն լոյս տեսած վէպին տիպարներէն է ծերունի Կարոն, որուն ճամբով վիպագիրը կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը։ Աւելի քան 80 տարեկան եղող Կարոն ցեղասպանութեան ընթացքին կորսնցուցած է իր ընտանեկան պարագաները։ Ան անոնց հետքը կորսնցուցած է, սակայն կառչած կը մնայ իր արմատներուն եւ զինք շրջապատողներուն կը պատմէ իր կորսնցուցած հարազատներուն եւ պատմութեան ընթացքին հայերուն կրած տարապանքներուն մասին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.