Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնաթիւերու Գայթակղութիւնը Բացայայտած Երեխան Հայկական Վարժարան Պիտի Յաճախէ


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ժամանակ մը, թրքական մամուլը լայնօրէն արձագանգ հանդիսացած էր հայկական վարժարանէ մը ներս ստեղծուած մէկ կացութեան, որուն հետեւանքով երեւան ելած էր, թէ փոքրամասնութիւնները պետութեան մօտ կ՛արձանագրուէին գաղտնաթիւերով, իսկ հայերուն գաղտնաթիւը 2 էր։
Այս հրապարակումը այդ շրջանին ընդունուեցաւ իբրեւ գայթակղութիւն։ Հարցը հետեւեալն էր։ Կին մը, որ վերադարձած էր իր հայկական արմատին ու պաշտօնապէս անդամակցած Հայց. եկեղեցիին, ուզած էր իր զաւակը ուղարկել հայկական վարժարան, բայց վարժարանը, ըստ տիրող կանոնագրութեանց՝ պահանջած էր, որ կրթական տնօրէնութենէն յատուկ արտօնագիր մը բերուի, այս պատճառաւ ալ մերժած էր մանուկը արձանագրել։
Ընտանիքին փաստաբանը՝ Ճեմ Հալավուրթ, դիմում կատարած էր պատկան իշխանութեանց, բայց Կրթական տնօրէնութեան փոխտնօրէն Ահմետ Մոլաք Շիշլի ըսած էր, որ փոքրամասնութիւնները ունին իրենց գաղտնաթիւերը, իսկ այս կնոջ ինքնութիւնը այդ գաղտնաթիւին չի յարմարիր, ուստի՝ կարելի չէ անոր զաւակը հայկական վարժարան մը արձանագրել։
Այս մերժումէն ետք, փաստաբան Հալավուրթ դատ բացած էր Պոլսոյ թիւ 7 վարչական դատարանին մօտ եւ այս անգամ յաղթանակ արձանագրած։ Արդարեւ, դատարանը, նկատի առնելով, որ յիշեալ կինը ձեռքին ունէր Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանէն ստացուած վաւերագիր, որով յայտնի կը դառնար, որ ան Հայց. եկեղեցւոյ անդամ էր, վճռած էր, որ ան, թէ՛ Թուրքիոյ սահմանադրութեան լոյսին տակ եւ թէ Եւրոպայի մարդկային իրաւունքներու յայտարարագիրին համաձայն իրաւունք ունէր իր զաւակը իր ուզած վարժարանը արձանագրելու, ուստի դատարանը բեկանած էր Կրթական տնօրէնութեան կողմէ նախապէս տրուած հրահանգը։
«Ռատիքալ» թերթը, արձագանգ հանդիսանալով այս լուրին՝ գործածած է այս հետաքրքրական խորագիրը. «Ցեղային գաղտնաթիւը պատին զարնուեցաւ»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.