Իսլամ արմատական զինեալներ Ռաքքայի մէջ կը գրաւեն հայերու կալուածները

\n

\n

Վատիկանի «Աճենսիա Ֆիտես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութեան(ՏԱՀԵՇ) զինեալները, Յունիս 1-ին, Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքի մեծամասնութեամբ հայերով բնակուած Այն ալ-Իսա շրջանին մէջ գրաւած են հայ ընտանիքներու պատկանող տուներն ու հողերը։ Ըստ քրտական աղբիւրներու, իսլամականները գրաւուած կալուածներու սեփականատէրերուն ստիպած են շրջանէն հեռանալ։

Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գտնուող Ռաքքա քաղաքը եւ անոր շրջակայքի բնակավայրերը երկար ատենէ ի վեր կը գտնուին ՏԱՀԵՇ-ի ժիհատականներուն վերահսկողութեան տակ, որոնք արդէն նահանգի մայրաքաղաքին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցին վերածած են իսլամական հարցերու կարգաւորման եւ իսլամական օրէնքի ջատագովման գրասենեակի։ Անցեալին, ՏԱՀԵՇ շրջանին մէջ հրկիզած է աստուածաշունչեր եւ քրիստոնէական գիրքեր։ 

\n

Անցեալ Օգոստոսէն ի վեր Ռաքքայի մէջ անյայտացած Յիսուսեան միաբանութեան անդամ Փաօլօ Տալլ՚Օկլիոյի առեւանգումը կը վերագրուի այս խմբաւորման։ 2014-ի սկիզբը այլ զինեալ խմբաւորումներ բախում ունեցան ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն հետ։ Վերջիններս անկախ աղբիւրներու կողմէ կ՚ամբաստանուին շրջանի ամբողջ բնակչութեան բռնաճնշող եւ բիրտ վարչակարգ մը պարտադրելու համար։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.