Ճատրակ. Սամուէլ Սեւեան Տիրացաւ Սենթ Լուիսի Մրցաշարքի Տիտղոսին
1140
0
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը (armchess.am) կը հաղորդէ, որ ամերիկահայ միջազգային վարպետ Սամուէլ Սեւեան տիրացաւ Սենթ Լուիսի ճատրակի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին` առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 6,5 կէտ: Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած այս միջազգային մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին ամերիկացի, հնդիկ, պիելոռուս, հունգարացի եւ քանատացի կրանտմասթըրներ եւ միջազգային վարպետներ: